Թրամփ-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն – Ազդակ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն:

Երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

Էրտողան հաստատած է Անգարայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելու համար դիւանագիտական բանակցութիւններու վերսկսման ջանքերուն:

 

Leave a Comment