Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

ՑՈԼԵՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

7 օգոստոս: Առաւօտեան ժամը` 7:40:

Մութին մէջ ժամերով մագլցելէ ետք, սառած ձեռքերով, ցաւող մէջքով եւ ամբողջ մարմինս պատած յոգնութեամբ, վերջապէս կանգնած էի Արարատ լերան գագաթին:

Ծովու մակերեսէն 5137 մեթր բարձրութեան վրայ: Եւ պահ մը ամէն ինչ կարծես անհետացաւ:

Հասած էի: Կանգնած էի այն լերան վրայ, որուն ամբողջ կեանքիս ընթացքին ակնածանքով նայած էի:

Եւ այդ պահուն յիշեցի փոքրիկ աղջիկ մը, որ Ճեմարանի չորրորդ դասարանի Հայոց պատմութեան պահուն նստած` Արարատ լերան երկու գագաթները կը գծէր:

Այդ փոքրիկ աղջիկը ե՛ս էի:

Պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուս Արարատը ամէնուրեք էր: Մեր դասարաններուն, մեր բանաստեղծութիւններուն ու պատմութիւններուն մէջ, մեր տուներուն պատերէն կախուած լուսանկարներուն մէջ: Մեծցած էի անոր գագաթը բարձրացած մարդոց մասին լսելով եւ զիրենք հիացումով դիտելով, կարծես գրեթէ անկարելի բան մը իրագործած ըլլային: Երբեք չէի երեւակայած, որ օր մը ես ալ կրնայի անոնցմէ մէկը ըլլալ:

Այս բոլոր տարիներուն պահած էի չորրորդ դասարանի այդ գծագրութիւնս: Եւ 7 օգոստոսին այդ լերան վրայ կանգնած էի նաեւ այն փոքրիկ աղջկան համար, որ ժամանակին գծած էր զայն` առանց երբեք հաւատալու, թէ օր մը կրնար անոր գագաթը հասնիլ:

Բայց այդ պահու նշանակութիւնը մանկութեան երազանքի մը իրականացումէն շատ անդին կ՛երթար:

Լիբանանի մէջ իբրեւ հայ մեծնալ` կը նշանակէր սորվիլ, սիրել վայրեր, որոնք երբեք չէի տեսած, եւ կապուած զգալ ինքզինքս պատմութեան մը, զոր անձամբ չէի ապրած: Ճեմարանը, Համազգայինը եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը մեծ դեր ունեցած են այսօրուան իմ ինքնութեանս կերտման մէջ: Անոնք ինծի սորվեցուցին մեր պատմութիւնը, զիս հաղորդ պահեցին մեր մշակոյթին եւ մէջս սերմանեցին մեր ժողովուրդին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացում: Արարատի վրայ անոնց դրօշները պարզելը կը զգացնէր, որ մանկութենէս, համայնքէս եւ անոնց` ինծի փոխանցած բոլոր արժէքներէն մասնիկ մը գագաթ կը տանէի:

Վերելքէն առաջ մեր ճամբորդութիւնը մեզ տարաւ Վան, Անի եւ Կարս: Վայրեր, որոնց անունները անհամար անգամներ կրկնած էի Հայոց պատմութեան դասերուն ընթացքին, յանկարծ իմ առջեւս էին: Խորապէս յուզիչ էր քալել այն հողերուն վրայ, ուր ժամանակին ապրած էին մեր նախնիները, տեսնել անոնց ներկայութենէն մնացած հետքերը եւ զգալ շատ բաներու կորուստը եւ բացակայութիւնը: Ուրիշ բան է մեր պատմութիւնը սորվիլը, ուրիշ բան` կանգնիլ հոն, ուր անիկա կերտուած է:

Եւ կային նաեւ այն մարդիկը, որոնք այս ճամբորդութեան իր իւրայատուկ իմաստը տուին:

Տասնեօթը հայեր` Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ուրուկուէյէն եւ Ֆրանսայէն: Մեզմէ շատերը սկիզբը իրարու անծանօթ էին, բայց մեզ միացուցած էր երազանք մը, որ իւրաքանչիւրս իր ձեւով սրտին մէջ կրած էր:

Լերան վրայ բոլորս նոյն ցուրտը, յոգնութիւնն ու անորոշութիւնը կ՛ապրէինք: Երբ մեզմէ մէկը կը դժուարանար, միւսները իրենց քայլերը կը դանդաղեցնէին: Երբ մէկը քաջալերանքի կարիք ունէր, միւսները իր կողքին էին: Կը շարունակէինք յառաջանալ` ոչ միայն իբրեւ գագաթ հասնելու վճռական անհատներ, այլեւ` իբրեւ խումբ մը, որ վճռած էր միասին հասնիլ հոն:

Եւ թերեւս այս էր ամբողջ փորձառութեան ամէնէն գեղեցիկ մասը:

Եօթը օր շարունակ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն գործեցինք: Տասնեօթը հայեր էինք` միացած լերան մը շուրջ, որ մեր պատմութիւններուն մաս կը կազմէր իրարու հանդիպելէն շատ առաջ:

Այս բոլորը զիս մղեցին մտածելու մեր ազգի ապագային մասին: Մեր միասնութեան մէջ եղած ուժին մասին եւ այն բոլոր բաներուն, զորս կրնայինք իրագործել, եթէ նոյն ոգին դրսեւորէինք մեր ժողովուրդին համար կատարած ամէն մէկ աշխատանքին մէջ: Մեր պատմութիւնը մեզի սգալու բազմաթիւ պատճառներ տուած է, բայց այդ տասնեօթը հոգիներուն մէջ գտնուիլը ինծի յիշեցուց, որ անիկա նաեւ յուսալու պատճառներ տուած է: Այն յոյսը, որ մեր սերունդը պիտի շարունակէ միասնական մնալ, պահպանել մեզի վստահուած ժառանգութիւնը եւ հետապնդել այն արդարութիւնը, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը:

Երբ միտքով կը վերադառնամ այդ առաւօտուն, կը մտածեմ Ճեմարանի այն փոքրիկ աղջկան մասին, որ ժամանակին գծած էր լեռ մը` առանց երբեք երեւակայելու, որ օր մը պիտի բարձրանար անոր գագաթը: Տարիներ ետք ան կանգնած էր այդ գագաթին` աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած հայերով շրջապատուած եւ իրեն հետ կրելով այն բոլոր արժէքներն ու համոզումները, որոնցմով դաստիարակուած էր:

Արարատէն հեռացայ երախտագիտութեամբ լեցուն սրտով, արմատներուս հանդէպ աւելի խոր սիրով եւ մեր ազգի ապագային նկատմամբ վերանորոգուած յոյսով:

Այն, ինչ ժամանակին դասարանի մը մէջ գծուած պատկեր մըն էր, վերածուեցաւ յիշատակի մը, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին պիտի կրեմ սրտիս մէջ: Եւ տեղ մը` այդ փոքրիկ աղջկան երազանքին ու Արարատի գագաթին միջեւ, ես ինքզինքս աւելի մօտ զգացի մանկութենէս ի վեր արմատացած հայկական ինքնութեան:

 

 

Leave a Comment