Ըստ «Նաշրա»-ի. Լիբանանի Մէջ Ներդրումները Պիտի Կատարեն Քաթարը Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` Ամերիկեան Օրհնութեամբ

Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, որ Լիբանանի ուղղութեամբ էմիրաթական ու քաթարեան շարժումը ամերիկեան օրհնութեամբ տեղի կ՛ունենայ եւ անիկա կը գերազանցէ տնտեսական հարցերը` յաջորդ փուլին ներառելով նաեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական համաձայնութեան հովանաւորութիւնը:

Աղբիւրները ըսած են, թէ Լիբանանի մէջ ներդրումներու բաժանումը պիտի ըլլայ  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի միջեւ: Էմիրութիւնները պիտի ստանձնեն նաւահանգիստներու, օդակայաններու եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտները, իսկ Քաթարը, պիտի նպաստէ ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան ոլորտներուն, իսկ վերաշինութեան թղթածրարը կը մնայ յետաձգուած` սպասելով պատերազմի դադրեցման լուծումին:

Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրները նաեւ «Նաշրա»-ին աւելցուցած են, որ քաթարցիները ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ Լիբանանը լարուածութեան շրջանակէն դուրս բերելու, Հըզպալլան, զինեալ դերակատարութենէ հեռու, պետութեան ծրագիրին մէջ համարկելու վերաբերեալ քաղաքական պատգամներու փոխանակում կատարած են:

Նոյն աղբիւրներուն կարծիքով, սէուտցիներուն Եմէնի պատերազմով զբաղած ըլլալը պատճառ դարձած է, որ Լիբանանի մէջ Ռիատի դերակատարութիւնը նահանջ արձանագրէ, առանց որ Սէուտական Արաբիան լիբանանցիներուն վրայ իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ:

Leave a Comment