Արաղչի. «Միջնորդութեան Մեր Առաջարկին Վերաբերեալ Ո՛չ Սէուտական Արաբիայէն, Ո՛չ Ալ Հուսիներէն Պատասխան Ստացանք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իրաքեան «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Թեհրան միջնորդութեան իր առաջարկին վերաբերեալ ո՛չ Սէուտական Արաբիայէն, ո՛չ ալ հուսիներէն պատասխան ստացած է:

Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը 12 հոկտեմբերին հաղորդած էր, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին մագլցումն ու զայն հանդարտեցնելու համար ի գործ դրուած ջանքերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Արաղչի իր սէուտցի պաշտօնակիցին յայտնած է, որ պատրաստ է օգնելու Սէուտական Արաբիոյ եւ հուսիներուն միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկին:

Leave a Comment