Ֆանարի Եւ Զհայթրիէի Միջեւ «Փապուղ»-ի Մը Գտնուեցաւ

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Ֆանարի քաղաքապետութեան ոստիկանները Հիւսիսային Մեթնի Ֆանար եւ Զհայթրիէ շրջաններուն միջեւ գտնուող անտառի մը մէջ փապուղի մը յայտնաբերած են եւ այդ մասին տեղեկացուցած լիբանանեան բանակը:

Բանակի գաղտնի սպասարկութենէն զինուորներ անմիջապէս նշեալ վայր եկած են` սպասելով փապուղիի խուզարկման ու անոր բնոյթի ճշդման համար բանակի ճարտարապետական բաժանմունքէն անդամներու ժամանումին:

Ֆանարի քաղաքապետ Միշէլ Սալամէ «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը հետեւի այդ հարցին:

Ան նշեց, որ քաղաքապետարանը փապուղիի մը գոյութեան մասին տեղեկութիւն ստացած է եւ քաղաքապետութենէն ոստիկաններ ուղարկած նշեալ վայր, անկէ ետք լիբանանեան բանակը տեղեակ պահուած է:

Քաղաքապետը աւելի ուշ ալ «Ժատիտ»-ին յայտնեց. «Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, յայտնաբերուածը սկիզբն է փապուղիի մը, որ շրջանին մէջ կը փորուէր»:

«Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ նախնական տուեալներու համաձայն, ի յայտ եկած է, որ «փապուղի»-ն ոչ աւելի քան 10 մեթր երկարութեամբ փոս մըն է, եւ զինուորական նպատակներու համար օգտագործուած ըլլալու որեւէ ցուցանիշ գոյութիւն չունի:

Լիբանանեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ յայտնաբերուած փապուղին շուրջ 13 մեթր է` 5 մեթր հորիզոնական եւ 8 մեթր ուղղահայեաց, եւ որեւէ զէնք կամ զինամթերք չի պարունակէր: Այնտեղ փորելու անձնական գործիք գտնուած է, ինչպէս նաեւ զայն փորելուն մեղսակցութեամբ կասկածելի մը ձերբակալուած է:

Բանակը ըսաւ, որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի` պարզելու համար, թէ անիկա ինչի՛ համար կ՛օգտագործուէր:

 

Leave a Comment