Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով) – Aztag Daily

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Աշուն… տերեւաթափ:

Կարծէք` աշնան հովերը փչելով մէկ առ մէկ իրենց հետ տարին նուիրեալ ԼՕԽ-ականներու արժանաւոր փաղանգ մը, որուն մէկ ներկայացուցիչն էր քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացած Ժագլին Թերզեանը:

Ան եղած է ԼՕԽ-ի հաւատամքին հաւատացողներէն, որ մօր մը նման ամենայն հարազատութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ժողովներուն տուած է ընտանեկան մթնոլորտ` ԼՕԽ-ի հանդէպ ունենալով պատկանելիութեան գիտակցութիւն, կապուածութիւն, սէր ու անսահման նուիրում:

Ժագլին Թերզեան որեւէ հարց այնքան խանդավառ եւ ուրախ ձեւով կը ներկայացնէր, որ երիտասարդ ԼՕԽ-ականները կը հմայուէին անոր տաքարիւն նկարագիրով` հակառակ անոր յառաջացած տարիքին:

Իր թելադրանքներով, խորհուրդներով ու օրինակելի տիպարով եղած է առաջնորդող օրինակ, մղիչ ուժ` յաջորդող սերունդներուն:

Սիրելի՛ ընկերուհի,

Դուն ամենայն բարեխղճութեամբ կատարեցիր ԼՕԽ-ին քեզի վստահած պարտականութիւնը, հանգիստ ննջէ եւ վստահ եղիր, որ աւանդը փոխանցուած է ապահով ձեռքերու, որոնք պիտի շարունակեն նոյն ուղիով եւ նոյն հաւատքով:

ԼՕԽ-ը այսօր համալրուած է նոր երիտասարդ ուժերով եւ զինուած` երէցներու իմաստութեամբ ու փորձառութեամբ, անպայմանօրէն պիտի հասնի միջազգային միութիւններու մակարդակին` պահելով իր հայկական դիմագիծը, պատմութիւնն ու դարաւոր մշակոյթը:

Այս բոլորը այսօր իրականութիւն դարձած են շնորհիւ Ժագլին Թերզեանին, անոր սերնդակիցներուն եւ նախորդներուն հաւատաւոր վաստակին:

Խունկ եւ մոմ անմար յիշատակիդ:

 

 

 

 

Leave a Comment