Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2026) – Aztag Daily

ՄԱՀԱԶԴ

Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ

ՏՈՔԹ. ԱՆԹՈՒԱՆ ՇԱՀԷՆ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2026-ին:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Օրդ. Հայկան Տումանեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Այտա Խուստէքեան եւ դուստրերը` Լէա, Լին եւ Սառա
Տիկին Հելեն Պուրսալեան եւ դուստրերը` Անի եւ Թամար
Տիկին Հերմինէ Ֆարահ եւ զաւակները` Թոնի, Փիեռ, Միշէլ, Անթուանեթ եւ Փոլ
Հիլտա, Ռուբինա եւ Սեպուհ Տումանեան
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Մանիշակ Սագի
Իտա եւ Վալերի Թասլաքեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Յասմիկ Փափազեան եւ զաւակները` Աբօ, Արին, եւ Միրէյ
Տումանեան եւ Խուստէքեան ընտանիքներ
Պուրսալեան եւ Ֆարահ ընտանիքներ
Սագի եւ Փափազեան ընտանիքներ
Աշճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՊԵՏՐՈՍ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին եւ ՎԱՀԷ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԺԱՔԼԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2026-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

 

Leave a Comment