Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ» – Aztag Daily

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի վրայ յարձակումի մը պարագային Իրանին միանայ, ուժեղ հարուած պիտի ստանայ, եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները դատարկման պիտի ենթարկուին»:

«Իսրայէլեան բանակը պատրաստ է Լիբանանի մէջ յաւելեալ շրջաններ գրաւելու, եթէ Հըզպալլան միջամտէ եւ Իրանին միանայ», ըսաւ ան:

«Սուրիոյ եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններէն պիտի չհեռանանք», շեշտեց Քաց:

 

Leave a Comment