Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրապետական սիրով ողջունելէ ետք Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, առաջին հերթին, իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւորական թէ աշխարհական ուսուցիչներուն՝ յիշեցնելով, որ ուսուցչութիւնը առաքելութիւն է, յատկապէս հայ կեանքէն ներս, որովհետեւ հայ դպրոցը ի՛նք հայկերտումի ու մարդակերտումի առաքելութեան լծուած նուիրական կառոյց է։ Խօսելով Դպրեվանքին մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը վեր առաւ անոր հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն ջամբելու իւրայատկութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Դպրեվանքի աշակերտները պէտք է պատրաստուին ժամանակին հետ քայլ պահելով եւ այնպիսի նկարագրով, որով Դպրեվանքը ճանչցուած է մեր ժողովուրդին կողմէ։ «Յատկապէս այս տագնապալից օրերուն, մեր ժողովուրդի զաւակները կը նային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Դպրեվանքը ա՛յս բծախնդրութեամբ պէտք է լծուի հոգեմտաւոր մարդը կերտելու սրբազան առաքելութեան» ըսաւ Հայրապետը։ Այս առիթով, ան կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն առաւել նախանձախնդրութեամբ ու խստապահանջութեամբ կատարելու իրենց վստահուած պատասխանատու եւ սրբազան առաքելութիւնը։