Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ – Aztag Daily

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերով նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու վարչութեան տնօրէն, դեսպան Իպրահիմ Ասաֆի հետ:

Հանդիպումը առիթ ընծայած է քննարկելու Հայաստան-Լիբանան երկկողմանի յարաբերութիւնները, դիտարկելու համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման ուղիները եւ մտքեր փոխանակելու շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու շուրջ:

 

Leave a Comment