Յայտարարութիւններ (10 Հոկտեմբեր 2026) – Aztag Daily

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ «ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ «ԱԶԴԱԿ»-Ի ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՄԸ

————————————–

ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ` ԱՅՍՕՐ` ՇԱԲԱԹ, 10 ԵՒ ՎԱՂԸ` ԿԻՐԱԿԻ, 11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2026-Ի
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ`

ԴՈՂ` ՍԻՐՏԸ ԳՈՂ (ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ)

ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 8:00-ԻՆ, «ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան 6-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 96-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, որ կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ` Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին եւ դպրեվանքի 96-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթով:

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)

Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի տարեմուտի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդի յիշատակին մատուցուելիք սուրբ պատարագին եւ ներկայ գտնուելու դպրեվանքի վերամուտի հանդիսութեան:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2026-2027 ուսումնակրթական տարեշրջանի նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները սկսած են:

Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգերու աշակերտներ:

Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն` +961 71 752259 կամ +961 71 912832:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

————————————–

Leave a Comment