Փեսքով. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Տնտեսական Գործակցութեան Շարք Մը Ծրագիրներ Կը Քննարկեն» – Aztag Daily

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները տնտեսական ոլորտին մէջ գործակցութեան շարք մը հաւանական ծրագիրներու շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն` նշելով, որ այդ ծրագիրները «կրնան փոխադարձ շահաւէտ ըլլալ»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ Ուղղակի ներդրումներու ֆոնտի նախագահ Քիրիլ Տմիթրիեւը անցեալ շաբաթ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ վարած էր:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տմիթրիեւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներու շարքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Սպիտակ տունը աւելի ուշ հաղորդեց, որ այդ բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է, ռուս-ուքրանական պատերազմի աւարտէն ետք, ուժանիւթի ոլորտին մէջ հաւանական միացեալ նախաձեռնութիւններու:

Leave a Comment