Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ» – Aztag Daily

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թուրքմենիստանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ժողովի ընթացքին նշեց. «Կը կարծենք, որ պէտք է պատերազմին վերջ տալ, եւ բոլոր պետութիւնները պէտք է մեր իրաւունքները յարգեն»:

«Եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակեն իրենց ինքնագլուխ գործելաոճը, կարելի պիտի չըլլայ մօտիկ ապագային պատերազմին վերջ տալ», շեշտեց Փեզեշքիան:

Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց. «Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ կ՛ընդլայնուին»:

Փութին իր կարգին Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը որակեց «վտանգաւոր»` աւելցնելով, որ Ռուսիան ամբողջովին կը գիտակցի այն իսկական եւ անկեղծ ջանքերուն, զորս Թեհրան կը թափէ շրջանին մէջ հակամարտութեան վերջ տալու համար:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Ռուսիան իր կարելին պիտի ընէ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւններու կարգաւորման եւ կայունութեան վերականգնման օգնելու համար:

 

Leave a Comment