Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն – Aztag Daily

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Սողոմոնեան գերդաստանէն տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Յասմիկ Թեճիրեաններ, տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններ, տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ` իրենց զաւակներուն հետ միասին, որոշած են «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրի 160 երեխաներ հովանաւորել: Մեր ազնիւ նուիրատուները իրենց որոշումին մասին պաշտօնապէս յայտնեցին Կեդրոնական վարչութեան:

Սողոմոնեան յարգարժան ընտանիքին այս նուիրատուութիւնը կը միանայ այլ իշխանական նուիրատութիւններու, որոնք նախապէս կատարուեցան: Անիկա ցուցանիշ է ՀՕՄ-ի մեծ բարեկամ այս ընտանիքին անդամներուն ազգային խոր գիտակցութեան եւ նուիրաբերելու աստուածահաճոյ արարքին, որ ինքնին կը ցոլացնէ ազնուազարմ այս հայորդիներուն վեհանձնութիւնն ու առատաձեռնութիւնը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Սողոմոնեան ընտանիքին` մաղթելով, որ Աստուած տասնապատիկ վարձատրէ զիրենք:

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Leave a Comment