Յայտարարութիւններ ( 8 Հոկտեմբեր 2026) – Aztag Daily

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Սարգիս Խոսրովեան  եւ զաւակը` Րաֆֆի  (Թաւրիզ)
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Զապէլ Ֆէրմանեան
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Անիա Խոսրովեան եւ ընտանիք  (Թեհրան)
Հանգուցեալ Պետրոս Պետրոսեանի ընտանիք` Սեսիլ, Կարօ, Կրէյս, Սեւակ եւ ընտանիքներ
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Անի Քէօշկէրեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Խոսրովեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ, տալոջ եւ հարազատին`

ՀՈՒՐԻ ԽՈՍՐՈՎԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՖԷՐՄԱՆԵԱՆ, 1962-ին, Պէյրութ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտուն, Թաւրիզի մէջ, Իրան:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրէ ետք, ժամը 4:00-ին, Թաւրիզի Ս. Շողակաթ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Թաւրիզի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Լիբանանի մէջ հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Ցաւակցութիւնները  կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան 6-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 96-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, որ կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ` Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին եւ դպրեվանքի 96-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթով:

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)

Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի տարեմուտի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդի յիշատակին մատուցուելիք սուրբ պատարագին եւ ներկայ գտնուելու դպրեվանքի վերամուտի հանդիսութեան:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն ընթացքին.

–  Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ` Տուպայէն, պատսպարեալի հոգատարութիւն,
օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն համար 1.039$
– Վարդուկ Ճէրէճեան իր քրոջ` Սոնա Ճէրէճեանի մահուան առիթով 300$
– Մարիա Աճէմեան 150$
– Պետի, Ժուաշիի եւ Կանտի ընտանիք` իրենց հօր մահուան յիշատակին 490$
– Տոքթ. Թորոս Եթերեան 50$
– Օսաննա Անթապի (Տէմիրճեանի) մահուան առիթով`
Ազգային մը 240$
– Տէր եւ տիկին Սեւակ Անգէշեան 100$
– Աբրահամ եւ տիկին Լուսին Թորոյեան 50$
– Եսայի Հաւաթեան` պտուղներու անվճար սրսկում 82.50$
– Ռանիա Հաշեմ 1.000$
– Կոնճեան ընտանիք, փոխան օրուան ճաշի, իրենց մօր մահուան քառասունքին առիթով 300$
– Անի Ասդուրեան 250$
– Վաչէ եւ Արլէն Սարգոյեան 500$
– Թամիր եւ Գոհար Սլիմ` Սագօ Իտի մահուան յիշատակին պատսպարեալներուն եւ պաշտօնեաներուն 100 հատ (փրոթէին պար):

Կանխայայտ շնորհակալութիւն`
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

 

Leave a Comment