Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու» – Aztag Daily

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժան Առնոյի հետ Թեհրանի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց «Իրանի իսլամական հանրապետութեան Լիբանանի հողերուն ամբողջականութեան ու ազգային գերիշխանութեան զօրակցող սկզբունքային դիրքորոշումը»: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց «ամրապնդելու ՄԱԿ-ի ջանքերն ու քայլերը` դադրեցնելու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան բռնագրաւման յարձակումները»:

Արաղչի Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց «շարունակելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ շրջանի երկիրներուն հետ խորհրդակցութիւնն ու գործակցութիւնը` նպաստելու համար Լիբանանի կայունութեան ու անվտանգութեան պահպանման»:

Leave a Comment