Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը» – Aztag Daily

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հաղորդակցութիւններու ընթացքին կ՛արծարծեն ուժանիւթային ոլորտին մէջ հաւանական համագործակցութեան նիւթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Արդարեւ, ամերիկացի ներկայացուցիչներու հետ զրոյցներու ընթացքին կ՛արծարծուին ուժանիւթի ոլորտին մէջ հաւանական գործակցութեան եւ համագործակցութեան նիւթը», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

 

Leave a Comment