Ֆրանսայի Մէջ Հարիւրաւոր Դպրոցներ Փակ Կը Մնան` Աշակերտներու Բողոքի Ցոյցերուն Անկարգութեան Վերածուելուն Պատճառով – Aztag Daily

Ֆրանսայի մէջ 3700 դպրոցներէն շուրջ 400 դպրոցներ երէկ փակ մնացին, մինչ Փարիզի շրջանի երկրորդական վարժարաններուն մէջ անցեալ շաբաթ սկսած ցոյցերը արագօրէն տարածուեցան Ֆրանսայի տարածքին եւ հետզհետէ բիրտ բնոյթ ստացան: Այս մասին հաղորդեց «Ֆրանս24»-ը:

Աշակերտները կը բողոքեն շարք մը հարցերու դէմ, ներառեալ ուսուցիչներու սակաւութիւնը եւ վատ վիճակի մէջ գտնուող դպրոցական շէնքերը: Աշակերտները նաեւ կ՛ըսեն, թէ դպրոցի ժամերը չափազանց երկար են:

Ֆրանսական կառավարութիւնը ծայրայեղ ձախը մեղադրեց շարժումին նախաձեռնելու յանցանքով:

Կրթութեան նախարար Էտուար Ժեֆրէ ըսաւ. «Երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարժումը ծայրայեղ կերպով բիրտ լուսանցքային խումբերու կողմէ պատանդ վերցուած է»:

 

Leave a Comment