02.10.2026 | 12:19
«Եթէ մենք կ՛ընդունինք, որ մարդս բաղկացած է մարմինէ և հոգիէ, եթէ կ՛ընդունինք, որ մարդուս մարմինը ունի իւր հարկաւոր պահանջները, ուրեմն այն ևս պէտք է ընդունինք, որ հոգին ալ ունի իւր պահանջները։ Ինչպէս որ սնունդը, շարժմունքը, քունը հարկաւոր են մարմինը առողջ պահելու, այնպէս ալ հոգւոյ համար հարկաւոր են հոգեկան սնունդ, որոյ մէջ է նաև գութը։ Ինչպէս որ ցուրտը, քաղցը, խոցը, հիւանդութիւնները կըտանջեն մարմինը, այնպէս ալ գոյժը, տրտմութիւնը, զրպարտութիւնը, մերձաւորներուս թշուառութիւնը կըտանջեն մեր հոգին, և այսպիսի հոգեկան տանջանքը մենք կ՛անուանենք գութ։ Մեր հոգին տանջող գութէն ազատելու համար մենք ուրիշ հնար չունինք, բայց եթէ մեր մերձաւորներին նորա կրած տանջանքներէն ազատելու, որը կ՛ասուի բարեգործութիւն։
Ուրեմն՝ գութը զգացմունք է, իսկ բարեգործութիւնը՝ այդ զգացմունքի մարմնանալը։
․․․Մէկ անհատը կ՛անէ այնքան, որքան որ նորա կարողութիւնը կըհասնէ, բայց դորանով աշխարհքի քաղցածները, մերկերը, անտէրները չեն երջանկանալ․ անթիւ անհամարները կըմնան անայցել, թշուառ։ Ուրեմն ի՞նչ պէտք է անել։