«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը – Aztag Daily

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը «պատմական մեծ իրադարձութիւն մը» եւ «Դիմադրութեան առանցքին համար ձեռքբերում մըն» է, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ուժերու Արեւմտեան Ասիոյ բոլոր կողմերէն հեռացման «նախաքայլը»:

Յեղափոխական պահակագունդը շնորհաւորեց իրաքցի ժողովուրդը, Իսլամական դիմադրութեան ճակատը եւ Իսլամական աշխարհին մէջ յեղափոխական ժիհատականները` «պատմական յաղթանակ»-ին առիթով:

Պահակագունդը ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացումը նկատեց իրաքցի ժողովուրդի իր անկախութեան ու անսասանութեան հաւատարիմ մնալուն արդիւնք` նշելով, որ իրաքեան փորձառութիւնը, ըստ յայտարարութեան, ապացուցած է, որ ազգային կամքը տիրակալութիւնը դիմակայելու «ամէնէն ուժեղ զէնքն» է, եւ ամերիկեան ներկայութեան նկատմամբ «տիրակալութեան դէմ դիմադրութեան կամքի» յաղթանակը շրջանի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կարեւորագոյն իրադարձութիւն է:

Յեղափոխական պահակագունդը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրաքը լքած են ժողովուրդի տոկունութեան, ժիհատականներու արեան եւ դիմադրութեան կամքին շնորհիւ` աւելցնելով, որ քսանամեայ ամերիկեան ներկայութենէ ետք Իրաքը այսօր «ազատ» է:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` շրջանէն հեռանալու եւ անոր անվտանգութեան ղեկավարումը ձգելու անոր ժողովուրդներուն` ընդգծելով, որ ամերիկեան ուժերու երկու տասնամեակներու ներկայութեան փորձառութիւնը անվտանգութիւն չհաստատեց, այլ արեւմտեան Ասիոյ մէջ անվտանգութեան չգոյութեան, ահաբեկչութեան ու անկայունութեան աղբիւր դարձաւ:

Պահակագունդը նշեց, որ Միացեալ Նահանգները «երբեք ալ վստահելի թիկունք չեն եղած»:

 

Leave a Comment