Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կարծիք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը Իրանի դէմ պիտի աւարտի շատ շուտով:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, ան այս դիրքորոշումը արտայայտեց Ուաշինկթընի մէջ արհեստական բանականութեան նուիրուած համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ:

«Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ: Անոնք շատ վատ կը գործեն: Ատիկա շատ շուտով պիտի աւարտի», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով, որ ինք կը կարծէ, որ նաւթի գիները պիտի սկսին անկում ապրիլ Իրանի հետ համաձայնագիրի կնքումէն ետք:

Leave a Comment