Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին – Aztag Daily

Փարիզի կեդրոնին մէջ երէկ Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ. պապին մասնակցութեամբ մեծ բացօթեայ պատարագ տեղի ունեցաւ: Քոնքորտի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան աւելի քան 600 հազար մարդ մասնակցեցաւ:

Մարդիկ արդէն ժամեր առաջ սկսան հաւաքուիլ Էլիսէի դաշտերու յարակից հատուածներուն:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պատարագին չմասնակցեցաւ: Ներկաներու շարքին եղան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Մարին Լը Փեն եւ նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ:

Լեւոն ԺԴ. պապը Ֆրանսայի մէջ կը գտնուէր քառօրեայ այցելութեամբ:

Leave a Comment