Ֆատլալլա. «Մեր Հիմնական Պայքարը Մեր Հողերու Ազատագրումն Է» – Aztag Daily

«Մեր հիմնական պայքարը մեր հողերու ազատագրման ձեւն ու մեր ժողովուրդի հոգածութեան միջոցներն են», ընդգծեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա: Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հայ Մատի շրջանին մէջ կայացած Հըզպալլայի մէկ ձեռնարկին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆատլալլա անդրադարձաւ շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ անոնց Լիբանանի, յատկապէս` հարաւային տարածքներուն վրայ ունեցած հետեւանքներուն:

«Մենք պատերազմի սիրահարներ չենք, սակայն դէմ չենք թշնամիին հետ  անուղղակի բանակցութեան` զայն հեռացնելու համար մեր հողերէն», շեշտեց Ֆատլալլա եւ աւելցուց. «Մեր հիմնական մտահոգութիւնը գրաւեալ տարածքներու ազատագրումն ու իսրայէլեան ուժերու հեռացումն է», ընդգծեց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա: Ան քննադատեց այն կարգ մը կողմերը, որոնք դիտումնաւոր կերպով  բանակցութիւնները կը կապեն Դիմադրութեան ապազինման եւ այս գծով կ՛ուզեն յարձակումներու շարունակումը մինչեւ Դիմադրութեան ապազինումը:

Այս առիթով Ֆատլալլա դրուատեց Իրանի` Հըզպալլային զօրակցող կեցուածքը, որ «կարեւոր երաշխիք է մեզի համար»: Ան յիշեցուց, թէ Իրան իսրայէլէան ուժերու Լիբանանէն հեռացումը առաջնակարգ պայման կը նկատէ` շեշտելով, որ առանց Լիբանանի խաղաղութեան համաձայնութիւն չկայ թշնամիին հետ:

«Ի վերջոյ մենք պիտի վտարենք թշնամին եւ ազատագրենք մեր հողերը, միայն կը խնդրենք մեզ մեր կռնակէն չհարուածել», ընդգծեց Ֆատլալլա` ակնարկելով Հըզպալլայի կեցուածքին ընդդիմացող կողմերուն:

Leave a Comment