Հաժ Հասան. «Կը Դիմակալենք Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Հսկայական Փոփոխութիւնները» – Aztag Daily

«Շրջանին մէջ կը կատարուին հսկայական փոփոխութիւններ, եւ մենք կը դիմակալենք շրջանին մէջ ամերիկեան գերակայութիւնը», յայտարարեց Պաալպեք-Հերմել շրջանի խորհրդարանական պլոքի նախագահ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան:

Ան վերահաստատեց Հըզպալլայի կեցուածքը` տէր կանգնելու հարաւային Լիբանանի հայրենակիցներուն եւ հոգալու անոնց կարիքները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու անոնց ապահով տունդարձը: Հաժ Հասան քննադատեց այն կողմերը, որոնք իրենց յոյսը դրած են ամերիկեան օժանդակութեան վրայ` նշելով, որ նման քայլ մը մեծ սխալ է:

Ան նաեւ հարց տուաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը ի՞նչ ըրած է հարաւային Լիբանանի պաշտպանութեան համար զոհուած նահատակներու ծնողներուն, ինչո՞ւ ցարդ չէ նորոգած աւերուած գիւղերը եւ ինչո՞ւ յաւելեալ ճնշում չի բանեցներ առնչակից կողմերուն մօտ` ապահովելու համար իսրայէլեան ուժերու հեռացումը գրաւեալ շրջաններէն:

Leave a Comment