Դեսպան Պաղտասարեան Այցելեց Նախարար Զէյնի – Aztag Daily

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին այցելեց Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարար դոկտ. Թամարա Զէյնի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան նախապատրաստական աշխատանքները «Առաջնորդներ յանուն բնութեան» վեհաժողովին, որ նախատեսուած է 15 եւ 16 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ, Կենսաբազմազանութեան մասին ուխտի կողմերու 17-րդ ընդհանուր ժողովի` ՔՈՓ17-ի ծիրին մէջ:

Նախարար Զէյն վեհաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը` մասնակցելով բարձր մակարդակի քննարկումներու, որոնք ուղղուած են կենսաբազմազանութեան պահպանման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ բնութեան պահպանութեան համար անհրաժեշտ քաղաքական յանձնառութեան ու ֆինանսաւորման ապահովման` զայն կապելով խաղաղութեան ու կայուն զարգացման ուղիներուն:

 

Leave a Comment