Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան» – Aztag Daily

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերը Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ապահովական գօտիներուն մէջ պիտի մնան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը Թուրքիան ու Իրանը զգուշացուց իսրայէլացի որեւէ քաղաքայինի կամ զինուորի առեւանգումէն, որովհետեւ այդ քայլին արձագանգը Կազայէն մէկ միլիոն պաղեստինցիներու տեղահանումը պիտի ըլլայ:

«Անհրաժեշտութեան պարագային Իրանը երրորդ անգամ ըլլալով պիտի ռմբակոծենք, մինչեւ վարչակարգի տապալումը», ըսաւ ան:

«Կազայի մէջ Դեղին գիծէն պիտի չհեռանանք, քանի տակաւին Համասը կայ», նշեց Քաց:

 

Leave a Comment