Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ» – Aztag Daily

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որ յայտնեց, որ Թուրքիան լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կը կանգնի եւ կը շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւն ու բժշկական աջակցութիւն տրամադրել:

Էրտողան նշեց, որ կարիքը կայ միջազգային նախաձեռնութեան մը, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքը ըլլայ:

Սալամ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնի:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յուլիսին Սալամի Պաղտատ այցելութեան արդիւնքներուն, մասնաւորաբար ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ շրջանային կապակցուածութեան ծրագիրներուն:

Լիբանանի եւ Իրաքի առջեւ ծառացած հասարակաց մարտահրաւէրներու լոյսին տակ երկու կողմերն ալ հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը` ամրապնդելու պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակելու պետութեան զէնքի մենաշնորհման հոլովոյթը` իբրեւ գերիշխանութեան պահպանման եւ կայունութեան ամրապնդման հիմնարար յենասիւն:

Leave a Comment