Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է» – Aztag Daily

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը հողը ազատագրելու միակ ուղին է, եւ մնացեալ բոլոր ուղիները ժամանակի կորուստ են»:

«Մենք Լիբանանի մէջ դիմադրութեան ուղին ուղղակի կերպով փորձեցինք եւ տեսանք, թէ այդ ընտրանքը հողն ու մարդը կ՛ազատագրէ», նշեց ան:

«Թշնամիին հետ զինուորական համազօրութիւն բացարձակապէս չկայ, սակայն գիտենք, թէ իրաւունքի եւ հողի տէր ենք եւ պէտք է ամէն գնով դիմադրենք», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Նոյնիսկ եթէ Լիբանանի մէջ կացութիւնը օրերով ու ամիսներով երկարի, մենք յաղթական ենք, որովհետեւ դիմացանք եւ թշնամիին արգելք հանդիսացանք իր նպատակները իրագործելու»:

Շէյխ Քասեմ նաեւ նշեց. «Պէտք է աշխատանք տանինք Պաղեստինեան դատին մեր ամբողջ ուժով թիկունք կանգնելու»:

 

Leave a Comment