Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ – Aztag Daily

Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Շանվիլի դաշտին վրայ, Տիք Էլ Մըհտէ, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները (20 տարեկանէն վար) շատ կարեւոր մրցում մը ունին Ռասինկի դէմ:

Զտումի այս վերջին մրցումին, եթէ ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաղթեն, պիտի մասնակցին Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան:

Առաջին մրցումին բաւական անբախտ ըլլալէ ետք Նըժմեթ Սահրայի դէմ, ՀՄԸՄ իր երկրորդ մրցումին կրցած էր 9-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնել Տահր Էլ Ահմարը:

Համակիրներէն կը սպասուի ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի ապագայի մարզիկները, որոնք մեծ փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն այս մրցումներէն:

Leave a Comment