Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով – Aztag Daily

Փարիզի «Անվալիտ» պալատին մէջ գումարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ եռակողմ ժողով մը:

Եռակողմ հանդիպումը կեդրոնացած էր փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ համակարգման բարելաւման մեքանիզմներուն վրայ:

Քննարկումները նաեւ անդրադարձան Ֆրանսայի մէջ Աքապայի հոլովոյթի յաջորդ փուլի հանդիպումները հիւրընկալելու կարեւորութեան: Այդ հանդիպումները պիտի ուսումնասիրեն Լիբանանի բանակին աջակցելու ուղիները` Լիբանանի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ պաշտպանուածութեան պահպանման իր դերը կատարելու գործին մէջ` համագործակցելով ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ շրջանային վտանգաւոր սրումին: Երեք ղեկավարները ընդգծեցին միջազգային ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը` հասնելու համապարփակ եւ կայուն զինադադարի, որ պիտի վերականգնէ շրջանին մէջ կայունութիւնը: Քննարկուեցան Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի ընդհանուր զարգացումները:

Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին շեշտեց շրջանին անվտանգութեան իրար կապուածութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց ուժանիւթի միացեալ ծրագիրներու որդեգրման, տնտեսական, ապահովական ու քաղաքական գործակցութեան ճամբով հասարակաց միջազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն մշակելու:

 

Leave a Comment