Արեւմտահայերէն լուրեր 17 Սեպտեմբեր. 2026 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը հայ հոգեւոր առաջնորդներուն եւ Հայաստանի դեսպանին հետ Սպիտակ տան մէջ։

• Վարչապետի ելոյթը «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայունութիւն» միջազգային համաժողովին։

• Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի ժամկէտին։

• Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդին մշակած նախագիծը մինչեւ տարեվերջ պիտի հրապարակուի. Սրբուհի Գալեան։

• Ղարաբաղէն տեղահանուածներու 40+10 հազար դրամի աջակցութիւնը մէկ տարի եւս պիտի շարունակուի. Փաշինեան։

• Պարոյր Յովհաննիսեան ՄԱԿ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի փոխնախագահի պաշտօնավարումը աւարտեց։

• Թրամփ Իրանի հարցով Ծոցի երկիրներու առաջնորդներուն հետ պիտի հանդիպի. Axios։

• Գանատայի մէջ Նիակարա ջրվէժը Հայաստանի դրօշակին գոյներով պիտի լուսաւորուի։

• Անկախութեան տօնին առիթով Երեւանի մէջ նախատեսուած են երթեւեկութեան սահմանափակումներ։

Leave a Comment