«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա – Aztag Daily

Այսօր երեկոյեան «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Եուրոփա լիկ»-ի առաջին հանգրուանին գծով պիտի հիւրընկալէ Չեխիոյ ախոյեան Սփարթա Փրական:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հայկական ակումբ մը կը հասնի եւրոպական 3 բաժակներու մրցաշարքերուն, անշուշտ Հայաստանի անկախութենէն եւ 1992-ին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին միանալէ ետք:

Մանուէլ Թուլիփայի գլխաւորած խումբը լաւ ձեւով սկսաւ Հայաստանի ախոյեանութիւնը եւ Նոայի հետ կը մրցի պարագլուխի դիրքին համար, «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնացած էր Ցելիէ խումբին դէմ մրցումին, ապա Ռումանիոյ Ունիվերսիթաթէա Քրայովային յաղթելէ ետք զտումի իր վերջին մրցումին հասած էր «Եուրոփա լիկ»:

Պէտք է ըսել, որ Արարատ Արմենիա իր դաշտին վրայ միայն 2 պարտութիւն կրած է 11 մրցումներուն, զորս եւրոպական խումբերու դէմ խաղցած է այս տարեշրջանի բաժակներուն:

Սփարթա Փրակա իր կարգին Լիոնի դէմ պարտուելէ ետք դուրս մնացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-էն, բայց այս տարի բաւական ձախող ելոյթ կ՛ունենայ Չեխիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ուր կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը 16 խումբերու մէջ:

Արարատ Արմենիայի մարզիկ Արայիկ Էլոյեան իր վերջին երեք մրցումներուն 4 կոլ նշանակած է, մինչ Սփարթա Փրակայի մարզիկ Ժոսիմար Ալսոսերը իր խումբի կոլ-սքորըրն է: Արարատէն կը բացակայի ազգային խումբի միջնապահ Կամօ Յովհաննիսեան (վիրաւոր), մինչ Սփարթայէն` Քի-Եանա Հովեր:

Leave a Comment