Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք» – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս մտահոգութիւն յայտնեց հուսիներուն Կարմիր ծովուն մէջ Մայուն կղզին (նաեւ ծանօթ` Փերիմ անունով, «Ա.») գրաւելու քայլով, միեւնոյն ժամանակ այն կարծիքը յայտնելով, թէ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է:

Պատասխանելով հուսիներուն Մայուն կղզիին տիրելուն մասին հարցումի մը` Վանս ըսաւ. «Անշուշտ, կացութիւնը մտահոգիչ է, անիկա կացութիւն մըն է, որուն մօտէն կը հետեւինք: Մենք տեւական կապի մէջ ենք շրջանին մէջ վնասուած կողմերուն, այսինքն` Արաբական Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ ուրիշներու հետ»:

Վանս աւելցուց, որ իրենք «նաեւ ինքնին հուսիներուն հետ ուղղակի բանակցութիւններ» կը վարեն:

«Ուստի կը կարծենք, թէ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշեց, որ շրջանը անընդհատ փոփոխութեան ենթարկուող ընթացքի մէջ է:

Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըռնհամէն զինուորական եւ դիւանագիտական օգնութիւն խնդրած է հուսիները զսպելու եւ քարիւղի ենթակառոյցներու վրայ յարձակումներէն պաշտպանուելու համար:

Լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` Լոնտոն պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու Ռիատին շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման հարցին մէջ եւ արդէն զինուորական խորհրդականներ ուղարկած է թագաւորութիւն:

Բրիտանացի պաշտօնեաները զգուշացուցած են Պըռնհամը, որ հուսիներուն կողմէ Պապ Մանտեպի նեղուցի հաւանական գրաւումը կրնայ «աղէտալի ազդեցութիւն» ունենալ միջազգային նաւագնացութեան եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» նախքան այդ յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին դիմած է` հուսիները զսպելու համար օդային ծածկոյթ տրամադրելու խնդրանքով, սակայն Թրամփ մերժած էր անոր խնդրանքը` պատճառաբանելով, թէ ներկայիս Իրանի վրայ կեդրոնացած է:

 

Leave a Comment