Ճատրակ. Էմին Օհանեան Քրայովայի Կրան Փրի Մրցաշարքի Ախոյեան – Aztag Daily

2024-ի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան արծաթ մետալակիր Էմին Օհանեան (19 տարեկան) նուաճեց Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քրայովայի կրան փրի արագ ճատրակի տիտղոսը:

Այս մրցաշարքին կը մասնակցէին 15 երկիրներէ 305 ներկայացուցիչներ: Օհանեան կարելի 10 կէտերէն 8,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ առանց պարտուելու դարձաւ տիտղոսակիր:

Մրցանակակիրներու շարքին էր նաեւ հայ վարպետ մը եւս` Մամիկոն Ղարիբեան, որ 7,5 կէտերով գրաւեց 10-րդ դիրքը:

 

 

Leave a Comment