Վերամուտը` Դասարանէն Անդին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Կրնանք երկարօրէն վիճիլ եւ վստահաբար յաղթական դուրս գալ այնպիսի վէճէ մը, ուր կ՛արծարծուին ու կասկածի տակ կ՛առնուին`  լիբանանահայ վարժարանին այժմէականութիւնը, նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելու անոր պատրաստուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, անոր կողմէ  կրթական ժամանակակից հասկացողութիւններու կիրարկումը եւ նման այլ հարցեր:

Ի վերջոյ, ինչի՞ մասին է խօսքը, երբ ոչ իրազեկ անհատներ կը քննադատեն հայ դպրոցը եւ անոր ընդհանուր մակարդակը: Ի՞նչ է փնտռուածը` երկու հատ աւելի գունաւոր ու փայլուն դասագի՞րք, քանի մը մեթր աւելի մեծ բա՞կ, նորոգուած շէ՞նք եւ դասարաննե՞ր, աւելի մեծ մարզադա՞շտ, արդիական պաստառնե՞ր, թէ՞ արտաքնապէս աւելի տպաւորիչ ու «ժամանակակից» թուացող միջավայր մը:

Անշուշտ այս բոլորը կարեւոր են եւ ցանկալի: Բայց երբ դպրոց մը, ըլլայ անիկա օտար թէ հայ,  իր ունեցած միջոցները կը գործածէ իբրեւ իր գերազանցութեան գլխաւոր փաստ եւ անոնց ցուցադրութեամբ կը բաւարարուի ու կը հպարտանայ, անիկա զոհ կը դառնայ  ինքնանպատակ, ենթակայական եւ ինքնագոհ գնահատումի. որովհետեւ ի՞նչ կը ներկայացնեն այս բոլորը, երբ զանոնք կը համեմատենք մարդուն միտքին եւ հոգիին առողջութեան, արժանապատիւ ու մաքուր ապրելակերպի, ապահով միջավայրի, փոխադարձ յարգանքի, պատկանելիութեան եւ հաւաքական հարազատութեան զգացումին:

Կարելի է անվարան հաստատել, որ դպրոցի մը իրական որակը լուսանկարուող, ցուցադրուող կամ թիւերով չափուող երեւոյթներուն մէջ չի կայանար: Բանիմաց մարդը անշուշտ գիտէ, որ դպրոցի ֆիզիքական պայմանները, ուսուցողական միջոցները եւ մակարդակի բարձրացումին նպաստող բոլոր տուեալները չափազանց կարեւոր են կրթութեան ու դաստիարակութեան յաջող ընթացքը ապահովելու համար: Վերոնշեալ օրինակները երբեք չեն նսեմացներ այդ բոլորին կարեւորութիւնը, ոչ ալ` զանոնք ապահովելու ուղղութեամբ տարուող անսակարկ աշխատանքն ու հետեւողական ճիգը: Քսանմէկերորդ դարուն անոնք այլեւս բնականօրէն ակնկալելի եւ անհրաժեշտ աղբիւրներ են, որոնց ապահովումին համար մեր դպրոցները գնահատելի եւ երբեմն ալ սպառող ճիգ կը թափեն:

Իրատեսութիւնը, սակայն, կը պահանջէ նաեւ ընդունիլ, որ լիբանանահայ դպրոցը այսօր միշտ չէ, որ կը ներկայանայ անցեալի իր երբեմնի փայլով: Աշակերտութեան թիւը որոշ պարագաներու նուազած է, միջոցները` սահմանափակուած, պայմանները` դժուարացած, իսկ կրթական մրցակցութիւնը` աւելի սրած: Մեր դպրոցները կրնան չունենալ այն բոլոր հնարաւորութիւնները, որոնցմով ուրիշներ  կը ներկայանան հանրութեան: Այս իրողութիւնները ո՛չ պէտք է ծածկել, ո՛չ ալ` մեղմացնել: Բայց նոյնքան սխալ պիտի ըլլար անոնցմէ եզրակացնել, թէ հայ դպրոցին արժէքն ու անհրաժեշտութիւնը նուազած են:

Աշխարհի վրայ տարածուած բազմաթիւ ազգային, լեզուական, կրթական եւ մշակութային  փորձառութիւններու վերաբերող հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ մայրենի լեզուին եւ մշակութային ինքնութեան տեղ տուող դպրոցը միայն գիտելիք փոխանցող հաստատութիւն չէ: Անիկա պատկանելիութեան, ինքնութեան, մասնակցութեան եւ ազգի շարունակականութեան միջավայր է: Հետեւաբար հայ դպրոցին գոյութիւնը կարելի չէ արժեւորել միայն այն չափանիշներով, որոնցմով դպրոցները կը մրցին իրարու հետ: Անիկա կրնայ միշտ առաջինը չըլլալ մրցակցութեան բոլոր ցուցանիշներուն մէջ, բայց ատիկա ո՛չ անոր արժէքը կը նուազեցնէ, ո՛չ ալ` անոր գոյութեան անհրաժեշտութիւնը: Հայ դպրոցը կը շարունակէ իր երթը, ոչ թէ որովհետեւ պարտաւոր է պահպանել անցեալը, այլ որովհետեւ տակաւին ունի ներկայ եւ ապագայ կերտելու անփոխարինելի գործ:

Հայ դպրոցն ու անոր ազգային առաքելութիւնը պաշտպանելը չի նշանակեր զայն իտէալականացնել եւ անոր հարցերը քողարկել. ընդհակառակն, ատիկա կը նշանակէ իրատես, պատասխանատու եւ յուսալի մօտեցումով անոր ուժեղ կողմերը վեր առնել ու ամրապնդել, իսկ տկար կողմերը` ընդունիլ եւ բարելաւել: Ահա ճիշդ հո՛ս է, որ ի յայտ կու գայ սովորականէն «անդին» պահպանուող, կառուցուող  եւ զարգացող գործօններուն կարեւորութիւնը: Այն գործօններուն, որոնք, ըստ ժամանակակից մանկավարժական ուսումնասիրութիւններուն, կը կազմեն կրթական առաքելութեան խորքային հիմքը, եւ առանց որոնց` մնացեալ բոլոր գործօնները կրնան կորսնցնել իրենց իմաստն ու ազդեցութիւնը: Ի վերջոյ, շէնքը կարելի է նորոգել, դասագիրքը` փոխել, բակը` ընդարձակել, սարքաւորումը` արդիականացնել, աղբիւրներն ու յարմարաւէտութիւնները` այս կամ այն չափով ապահովել: Մարդը, սակայն, եւ անոր հոգեկան, մտային ու ընկերային առողջ վիճակը կարելի չէ ամէնուրեք գտնել:

Ուրեմն ի՞նչն է, որ կը շինուի, կը կառուցուի եւ կ՛ամրապնդուի հայ դպրոցին դասարանէն «անդին»: «Անդին»-ը միայն այն չէ, ինչ որ կը պատահի դասապահէն կամ դասարանէն դուրս: Անիկա այն ամբողջ աշխարհն է, զոր հայ դպրոցը այսօր կը կառուցէ վաղուան լիբանանահայութեան համար: Դասարանէն ու դասապահէն «անդին»-ը այն պահերն ու փորձառութիւններն են, որոնց ընդմէջէն դպրոցին ոգին գաղափարէն կ՛անցնի կեանքի, ուր աշակերտը ոչ միայն կը սորվի, այլ նաեւ կը փորձէ, կը սխալի, կը համագործակցի, կը նախաձեռնէ, կը ծառայէ, կը վիճի, կը լսէ, պատասխան կը ստանայ եւ աստիճանաբար կը դառնայ այն մարդը, որ վաղը պիտի մարմնաւորէ մեր ազգային դիմագիծը:

Այս իմաստով, «դասարանէն անդին»-ը անմիջականօրէն կը կապուի նկարագրային արժանիքներու եւ տարբեր կարողութիւններու կազմաւորումին հետ` դպրոցական կեանքի տարբեր աշխատանքներուն ընդմէջէն: Օրինակի համար, կրթական կեանքին մաս կազմող աշակերտական խորհուրդները դպրոցական մարմիններ չեն միայն. անոնք մասնակցութեան, պատասխանատուութեան եւ ժողովրդավարական մշակոյթի առաջին փորձառութիւններն են: Խմբային աշխատանքը միայն ուսուցողական մեթոտ չէ. անիկա ապագայ համայնքային համագործակցութեան փորձադաշտն է: Կամաւոր աշխատանքներն ու բարեսիրական այցելութիւնները միայն աշակերտական ծառայութեան նուիրուած յատուկ օրեր չեն. անոնք հանրային պատասխանատուութեան վարժութիւններ են: Աշակերտին ձայն տալը  ժամանակակից մանկավարժութեան նորաձեւ արտայայտութիւն չէ միայն. անիկա ապագայ առաջնորդութեան նախապատրաստութիւն է:

Ահա թէ ինչո՛ւ «անդին»-ը կը նշանակէ գիտելիքէն անցում դէպի կարողութիւն, պատկանելիութենէն` մասնակցութիւն, ժառանգութենէն` պատասխանատուութիւն, իսկ պահպանումէն` ստեղծագործ շարունակութիւն: Եւ հո՛ն է, որ կը կազմաւորուին անհատներ, որոնք նախաձեռնող են եւ ոչ` կուրօրէն հետեւող, որոնք կարծիք ունին, զայն արտայայտել գիտեն, բայց նաեւ գիտեն լսել ու յարգել ուրիշին կարծիքը. անհատներ, որոնք կրնան` տարբերութիւններու մէջ միասին աշխատիլ, պատասխանատուութիւն ստանձնել, կազմակերպել, արարել, նոր լուծումներ առաջարկել, որոնք ոչ միայն կը պատկանին ազգին, այլեւ կը զգան, որ անոր բարօրութիւնն ու յառաջդիմութիւնը իրենցմէ ալ կախեալ են. որոնք մակերեսային չեն եւ ոչ ալ` անտարբեր, որոնք անձնական շահն ու փառասիրութիւնը հաւաքական պատասխանատուութենէն վեր չեն դասեր, որոնք ազգային պատկանելիութիւնն ու հաւաքական ինքնութիւնը չեն դրժեր, այլ զանոնք իրենց էութեամբ կ՛ապրին` ծառայելով իրենց շրջապատին եւ նպաստելով անոր յառաջդիմութեան:

Իւրաքանչիւր վերամուտին լիբանանահայ դպրոցէն ներս մենք միայն նոր ուսումնական տարի չէ, որ կը սկսինք: Մենք, թերեւս` երբեմն աննկատ, բայց հետեւողական քայլերով կը կառուցենք այն միջավայրը եւ այն հաւաքական կեանքը, որոնց տեսլականը ունինք, եւ որոնց բարեկեցիկ ու զարգացած գոյութիւնը բոլորիս պատասխանատուութիւնն է, անխտիր:

«Անդին»-ը տարածք չէ: Անիկա դպրոցական կեանքն է ամբողջ` իր արժէքային համակարգով, ազգային դաստիարակութեամբ եւ մարդկային պատրաստութեամբ: Կը սիրենք ըսել եւ յամառօրէն կրկնել, թէ հայ դպրոցը վաղուան սերունդին «ոգի» կը փոխանցէ: Բայց այդ ոգին վաղը չի ծնիր: Անիկա կը ձեւաւորուի այսօ՛ր, այս բոլորին մէջ, որովհետեւ հայ դպրոցին կերտած իսկական «անդին»-ը կը սկսի այն պահուն, երբ դասարանին դուռը կը փակուի, բայց հայ դպրոցին գործը կը շարունակուի աշակերտին մէջ, անոր մտածելու ձեւին, ընտրութիւններուն, յանձնառութեան եւ գործելու կարողութեան մէջ: Վաղուան լիբանանահայ կեանքը կը պատրաստուի ու դիմագիծ կը ստանայ մեր դպրոցներուն մէջ` ոչ միայն դասագիրքերով ու դասերով, այլեւ` մանաւանդ ա՛յն անհատներով, որոնք վաղը պիտի ստանձնեն անոր առաջնորդութիւնը եւ յառաջադէմ ուղղութիւն պիտի տան անոր գոյատեւումին: Այսպիսի սերունդ կրնայ կերտել միայն ա՛յն հայ դպրոցը, որ իր առաքելութիւնը չի սահմանափակեր ազգային դաստիարակութեան մասին խօսելով կամ զայն հանրահռչակելով, այլ զայն կ՛ապրեցնէ իր դպրոցական մշակոյթին, առօրեային եւ գործելակերպին մէջ` հեռու ցուցադրականութենէ, ծանուցողական շեշտադրումներէ եւ միայն արտաքին ու ժամանակաւոր տպաւորութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններէ:

Ա՛յս է, ի վերջոյ, հայ դպրոցին այսօրուան հիմնական մարտահրաւէրը. ոչ միայն պահպանել իր ժառանգութիւնը, այլեւ` կազմաւորել անհատներ, որոնք պիտի կարենան պատասխանատու կերպով  ներգրաւուիլ մեր ազգային  կեանքին մէջ, վերիմաստաւորել զայն, հանգամանօրէն արձագանգել անոր դէմ ծառացող բոլոր փոփոխութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, եւ նոր գաղափարներով ու գործելակերպերով մասնակցիլ անոր ապագային ձեւաւորումին:

Ուրեմն այս վերամուտին շարունակենք աշխատիլ սովորականէն անդին` վաղուան «անդին»-ին համար:

 

 

Leave a Comment