Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Քաղաքացին վաղուց սորված է հրաշքի սպասել  Լիբանանի մէջ:

Ծորակը կը բանայ` ջուրի յոյսով:

Անջատիչին կոճակը կը սեղմէ` լոյսի բաղձանքով:

Սակայն իւրաքանչիւր անգամ, հրաշքի փոխարէն, հաշուեցոյց  մը (facture) կը ներկայացուի անոր:

Փողոց կ՛ելլէ` կենսոլորտային մաքուր միջավայր տեսնելու երազով: Բայց աղբակոյտերը, գարշահոտութիւնը իրմէ առաջ  արդէն հասած  կ՛ըլլան` զինք  դիմաւորելու:

Շուկայ կը մտնէ` գէթ քանի մը «մարսելի» գիներ գտնելու ակնկալութեամբ: Բայց գիները այնքա՜ն բարձր են, որ նախ կը նայի ապրանքին, ապա` գրպանին, ու կը մտածէ` արժէ՞ տուեալ ապրանքը  գնել, թէ՞ գրպանը  փրկել…

Պետութիւնը կարծէք մասնագիտացած է քաղաքացիներուն հաշուեցոյց ղրկելու արուեստին մէջ: Ծառայութիւնը կրնայ ուշանալ, նուազիլ, անհետանալ կամ ընդհանրապէս միայն թուղթի վրայ գոյութիւն ունենալ, սակայն հաշուեցոյցը հրաշալիօրէն կը գտնէ իր ճանապարհը:

Ջուրը այդ պետական հանճարին ամէնէն սովորական օրինակներէն մէկն է:

Քաղաքացին իւրաքանչիւր տարի միլիոնաւոր լիբանանեան թղթոսկիներ ջուրի տուրք կը վճարէ պետութեան: Կը վճարէ այն հաստատութեան, որուն պարտականութիւնն է իր տան ծորակին ջուր հասցնել: Քաղաքացին ծորակը կը բանայ եւ կը լսէ… լռութիւն: Ջուրը չկայ, բայց հաշուեցոյցը միշտ ներկայ է:

Մինչ այդ փողոցը  շրջող ջուրի սիթեռնը կը հասնի ճիշդ ժամանակին:

Զարմանալի՜ երկիր:

Պետական ջուրը ճանապարհը կորսնցուցած է, իսկ վաճառականին ջուրը անգիր գիտէ բոլորին  հասցէն:

Սիթեռնի տէրը ջուր կը  հայթայթէ ամրան, ձմրան, երաշտին, տաքին, ճգնաժամին եւ յաճախ նաեւ այն օրերուն, երբ ամբողջ թաղամասը պետական ջուրի կաթիլ մը կը փնտռէ: Բնականաբար մարդ  կը սկսի մտածել` Լիբանանի ջուրն ալ երկակի քաղաքացիութիւն ունենալու է. պետութեան համար միշտ սակաւ է, իսկ վաճառականին համար` զարմանալիօրէն առատ:

Քաղաքացին ալ երկու անգամ կը վճարէ նոյն իրաւունքին դիմաց: Նախ` պետութեան: Ապա` մասնաւոր մատակարարին:

Նոյն ծառայութիւնը երկու անգամ վաճառելը տնտեսական նորարարութեան բարձրագոյն ձեռքբերումներէն  մէկն է  լիբանանեան  համակարգին  մէջ:

Ելեկտրականութեան պարագան աւելի կատարելագործուած օրինակ մըն է: Երկու տեսակ ելեկտրականութիւն գոյութիւն ունի Լիբանանի մէջ. պետականը, որ ժամերով կը բացակայի, եւ մասնաւորը, որ հրաշալիօրէն երբեք չի բացակայիր, եթէ պատրաստ ըլլաք անոր ներկայութեան գինը վճարելու: Հոս ալ, հարցը հոսանքին ընդհատումը չէ, այլ` ո՛վ պիտի վճարէ անոր բացակայութեան գինը:

Պետութիւնը օրական քանի մը ժամ լոյս կը շնորհէ քաղաքացիին: Կարծէք  ելեկտրականութիւնը  ժամավարձով աշխատի: Երբ պետական ելեկտրականութիւնը  կը վերադառնայ, գրեթէ տօնական մթնոլորտ կը ստեղծուի տան մէջ:

«Եկա՜ւ»:

Լիբանանցին շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ մէկ բառը:

Եկաւ լոյսը: Եկաւ ջուրը:

Եկաւ այն, որ ընդհանրապէս կարիք չունի «գալու» բնականոն պետութեան  մը պարագային:

Մնացեալ ժամերուն բեմ կը բարձրանայ ելեկտրաշարժիչի տէրը:

Ան փոքրիկ կայսրութիւն մը ստեղծած է` իր կանոններով, իր սակացոյցով, իր հաշիւներով եւ, ամէնէն կարեւորը, իր յաճախորդներով: Օր մը եթէ որոշէ, կրնայ սակը բարձրացնել, յաւելեալ ժամ հաշուել կամ նոր պատճառ մը գտնել քաղաքացիին գրպանը թեթեւցնելու: Այս փոքրիկ «իշխանութիւնը» այնպիսի ինքնավստահութեամբ կը գործէ, որ պետական հաստատութիւնը իսկապէս համեստ դիտորդի կը վերածուի անոր քով: Քաղաքացին ամսական կը վճարէ: Գինը կը բարձրանայ, կը վճարէ: Սակացոյցը կը փոխուի, կը վճարէ: Բացատրութիւնը անհասկնալի կ՛ըլլայ, դարձեալ կը վճարէ:

Բայց այստեղ նուրբ, սակայն էական հարց մը կը յառաջանայ, հարց մը, որ պետութիւնը տարիներէ ի վեր կարծէք կը նախընտրէ անտեսել:Եթէ ելեկտրաշարժիչներու տէրերը օրական դրութեամբ վառելանիւթ կը հայթայթեն իրենց «լուսաւորիչ»-ներուն, ինչո՞ւ պետութիւնը կը հանդուրժէ, որ իր թերացած պարտականութիւնը շահոյթի աղբիւր դառնայ  ուրիշներուն:

Ալի Պապայի  քարայրներ կը գործեն  ելեկտրականութեան  համակարգէն ներս… Ահա  իրականութիւնը:

Սկզբունքները կրնան  ճառերը  լուսաւորել,  բայց մութ սենեակը` ոչ:

Ելեկտրականութիւնը արտակարգ շքեղութիւն մը դարձած է Լիբանանի մէջ, մինչդեռ  քսանմէկերորդ դարուն սովորական  ծառայութիւն  մըն է աշխարհի մեծ մասին համար:

Ապա կու գայ աղբը:

Բազմաթիւ երկիրներ  շահաւէտ  հումք կը գնահատեն աղբը` վերամշակում, ուժանիւթ, նոր արտադրութիւն, տնտեսական արժէք:

Աղբը վաղուց ուրիշ արժէք ստացած է  Լիբանանի մէջ:

Քաղաքական արժէք: Աղբը կը մնայ աղբ, բայց անոր շուրջ շրջանառուող գումարները շատ մաքուր ճամբաներ կը գտնեն որոշ գրպաններ հասնելու համար:

Մեր երկրին ամէնէն «արդիւնաւէտ» վերամշակման ծրագիրը հանրային դրամը մասնաւոր հարստութեան վերածելն է:

Կաշառակերութեան մշակոյթը տարիներու փորձառութեամբ այնքա՜ն կատարելագործուած է, որ փտածութիւնն ալ կարգապահ համակարգի մը վերածուած է, ամէն ինչ` իր կարգով, իր չափով եւ իր գինով…

Սպառողական շուկան նոյնպէս ունի սանձարձակութիւններու առանձնայատուկ գերիշխանութիւն:

Ապրանք մը սակ մը ունի վաճառատան մը մէջ, դրացի խանութին մէջ` այլ: Նոյն ապրանքը կրնայ երրորդ սակով ներկայանալ վաղը:  Այսպէս,  շուկային մէջ ապրանքը  ունի սակ մը, իսկ այդ սակը` իր սեփական օրէնքը:

Պետական հսկողութիւնը յաճախ մամլոյ հաղորդագրութեան տեսքով կ՛ազդարարէ` «Գիտցէք, որ դեռ կենդանի եմ…»:

Պատասխանատուները կը յայտարարեն,  քննիչ յանձնախումբերը կը խմբուին, նախարարութիւնները կը զգուշացնեն, հեռատեսիլները կը նկարահանեն… Շուկան այդ բոլորին հանդէպ սովորական անտարբերութեամբ կը  շարունակէ  իր ընթացքը:

Լիբանան տնտեսական Արշակաւանի մը վերածուած է, ուր իւրաքանչիւր քաղաքական խմբաւորում կառուցած է սեփական  իշխանութիւնը: Այստեղ կրնամ անվարան հաստատել` հայ համայնքը հեռու կը մնայ բաժնեկցութեան այս համակարգէն:

Մէկուն բաժինը ջուրն է: Միւսինը` ելեկտրականութիւնը: Երրորդինը` աղբը: Չորրորդինը` տնտեսական համաձայնութիւններու մենաշնորհը: Հինգերորդինը` պետական պաշտօնները: Վեցերորդինը` մաքսային կամ վարչական անցքերը:

Իսկ քաղաքացիին բաժինը` վճարել:

Այս ամբողջ համակարգը կ՛ապրի աւատապետական տրամաբանութեամբ`  իւրաքանչիւրին  իր բաժինը, իսկ   քաղաքացիին` վճարելու պարտականութիւնը:

Պետութիւնը վաղուց վերածուած է մեծ սեղանի մը, որուն շուրջ սեփական աթոռներու վրայ բազմած են  համայնքային եւ քաղաքական մեծամեծերը: Իւրաքանչիւրը համայնքին անուան  տակ ծուարած` իր բաժինը կը պաշտպանէ, իր մարդիկը կը տեղաւորէ, իր ազդեցութեան տարածքը կ՛ընդլայնէ եւ համայնքային իրաւունք կը ներկայացնէ  հանրային  հարստութենէն իւրացուած բաժինը:

Թալանը շատ յաճախ կը հագնի  համայնքային արժանապատուութեան զգեստ:

Երբ հանրային հաստատութեան մէջ պաշտօն մը կռուախնձոր կը դառնայ, երբ պետական լիազօրութիւնը «հաւատարիմներ» պարգեւատրելու միջոցի կը վերածուի, երբ օրէնքը երկակի  արագութեամբ կը գործէ ատեաններու առջեւ, փտածութիւնը կը դառնայ պետութեան «շփացած զաւակ»-ը:

Ահաւասիկ` մեր իսկական ողբերգութիւնը:

Փտածութիւնը մեր առօրեայ  կեանքին անբաժան մասնիկը դարձած է  Լիբանանի մէջ:

Քաղաքացին գիտէ համակարգը: Կը բողոքէ սրճարանին մէջ: Կը հայհոյէ հեռատեսիլին առջեւ: Գրառում կը կատարէ ընկերային ցանցերուն վրայ: Կը պատմէ, թէ ով ի՛նչ յափշտակեց, ով ինչպէ՛ս հարստացաւ… Սակայն ընտրութեան օրը դարձեալ կը վերադառնայ իր «մեծամեծին» փէշին տակ: Մարդկային  ողբերգութիւն: Աւատապետական համակարգը  թափանցած է քաղաքացիին հոգեբանութեան մէջ: Ճորտի   հոգեբանութիւն:

Ճորտատէրը  կոյր խոստումներով  կը  գինովցնէ  հետեւորդները:

Քաղաքացին իրեն հասնող իրաւունքը կը ստանայ իբրեւ անձնական շնորհ:

«Շնորհ» պարգեւող աւազակը կը դառնայ` բարերար, ղեկավար, փրկիչ…

Ահա աւատապետական համակարգին ամէնէն հանճարեղ հնարքը. նախ պետական հաստատութիւնը տկարացնել, ապա` քաղաքացիին տալ այն, ինչ բնականաբար պիտի ստանար պետութենէն, փոխարէնը` պահանջել քաղաքական հաւատարմութիւն…

Այս աւատապետական պատճառով մարդիկ իրենց իրաւունքներուն համար  չեն հասնիր պետական դռները: Կը փնտռեն` նախարարը, երեսփոխանը, կուսակցական պատասխանատուն, համայնքային ղեկավարը կամ ազդեցիկ միջնորդը…

Պետութիւնը կը նահանջէ, այսպէս կոչուած,   «հովանաւոր միջնորդ»-ը կը զօրանայ:

Պետական պարտքը կ՛աճի՞: Նոր տուրք:

Գանձարկղը դատարկուա՞ծ է: Նոր տուրք:

Ծառայութիւնը ձախողա՞ծ է: Սակերու  մագլցում:

Քաղաքացին թող վճարէ:

Այս տրամաբանութեամբ ալ տակաւին քաղաքացին կ՛ոգեւորեն` հայրենասիրութիւնը զոհողութիւն կը պահանջէ:

Անշուշտ կը պահանջէ:

Բայց հետաքրքրական պիտի ըլլար զոհողութիւն պահանջել նաեւ անոնցմէ, որոնք տասնամեակներ շարունակ շահաբաժիններու ընկերութեան վերածած են Լիբանանը:

Տնտեսական, ընկերային իսկական աղէտ կ՛ապրի Լիբանանը: Քաղաքացին կը կորսնցնէ  պետութեան  հանդէպ վստահութիւնը: Սակայն աւելի ծանր կորուստը պետութեան գաղափարի քայքայումն է: Հասարակութիւնը կ՛ապրի աւատապետական  տրամաբանութեամբ:

Բնական հարստութիւններով օժտուած երկիր մըն է Լիբանանը: Միաժամանակ` թալանուած, աղքատացած պետութիւն մը: Հսկայական տարբերութիւն` այս երկու  իրականութիւններուն միջեւ…

Լիբանան ունի` մարդուժ, համալսարաններ, մասնագէտներ, գործարարներ, սփիւռք, աշխարհագրական դիրք, մշակութային եւ տնտեսական կարողութիւն:

Բայց երբ պետութեան կաթսան բաժնուած է քաղաքական-համայնքային դգալներու միջեւ, ամենահարուստ երկիրը  անգամ դատարկ աման մը կը դառնայ վերջաւորութեան:

Ամէնէն դառն հարցումը հետեւեալն է. մինչեւ ե՞րբ քաղաքացին պիտի վճարէ ջուրի համար` առանց ջուրի, ելեկտրականութեան համար` առանց ելեկտրականութեան, պետական ծառայութիւններու համար` առանց արժանին ստանալու:

Պիտի  գա՞յ այն օրը, երբ լիբանանցին իր զայրոյթը սրճարաններու սեղաններէն դուրս բերէ եւ պահանջի վերածէ:

Մինչ այդ ծորակները պիտի շարունակեն օդ մատակարարել, ելեկտրական լարերը` մթութիւն, աղբավայրերը` գարշահոտութիւն, իսկ քաղաքական բեմերը` խոստումներ:

Միայն մէկ բան պիտի մնայ առատ` սրընթաց  եւ անխախտ:

Հաշուեցոյցը…

 

 

 

Leave a Comment