Թենիս. Ռիպաքինա Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Էլենա Ռիպաքինա, որ այսօր պաշտօնապէս պիտի գրաւէ աղջկանց թենիսի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ պարտութեան մատնել նախկին թիւ 1 Արինա Սապալենքան` Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ:

«Եու. Էս. Օփըն»-ը որ տարուան 4-րդ եւ վերջին կրան շլեմի մրցաշարքն է, տեղի կ՛ունենայ Նիւ Եորքի Ֆլաշինկ Մետոզի դաշտերուն վրայ, եւ համակիրները ականատես եղան ծայր աստիճան գեղեցիկ պայքարի մը` աղջկանց այժմու լաւագոյն երկու մարզիկներուն միջեւ:

Ռիպաքինա, որ 2018-էն ի վեր կը ներկայացնէ Ղազախստանը կրցաւ 6-4 արդիւնքով յաղթել առաջին սեթին: Երկրորդ սեթին Սապալենքա 2 սեթ փոյնթեր կորսնցնելէ ետք (երբ արդիւնքը 5-4 էր), կրցաւ ի վերջոյ 7-5 արդիւնքով յաղթել:

Սակայն 3-րդ եւ վճռական սեթին, Ռիպաքինա կրցաւ 41 վայրկեաններու ընթացքին 6-2 արդիւնքով յաղթել եւ դառնալ Ղազախստանի առաջին ներկայացուցիչը, որ կը դառնայ աշխարհի թիւ 1:

Այժմ 3 կրան շլեմի տիտղոսներու տէր Ռիպաքինա պէտք ունի Ռոլան Կարոսի տիտղոսի մը` ամբողջացնելու կրան շլեմի 4 տիտղոսներու յաջողութիւնը:

2022-ի Ուիմպըլտընի իր տիտղոսին յաջորդած էին 2026-ի Աւստրալիոյ եւ երէկուան «Եու. Էս. Օփըն»-ի տիտղոսները:

Միւս կողմէ, Սապալենքա ձախողեցաւ իր 3-րդ յաջորդական «Եու. Էս. Օփըն»-ի տիտղոսը շահիլ եւ ասպարէզի 5-րդ կրան շլեմի տիտղոսը ունենալ: Պէտք է ըսել, որ Սապալենքա բաւական ձախող տարի մը ունեցաւ ոչ մէկ կրան շլեմի տիտղոս շահելով, եւ սակայն կը մնար առաջին դիրքին վրայ պարզապէս մօտիկ մրցակից չունենալուն պատճառով, մինչ Ռիպաքինա հետզհետէ կը մօտենար:

 

Leave a Comment