Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի ընթացիկ տարուան 8-րդ թիւը, որուն մէջ բազմազան նիւթերու շարքին հիմնական տեղ կը գրաւեն ազգային-պետական տագնապալի կեանքին նուիրուած վերլուծական բնոյթի յօդուածները: Պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ը քննութեան նիւթ կը դարձնէ բեռը այն խնդիրներուն, որոնք այսօր ծառացած են զարտուղի ուղիներով սեփական իշխանութեան վերարտադրութիւնը ապահոված երկրի ղեկավարի ուսերուն:
«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ արեւելագէտ Լիանա Պետրոսեանի հրապարակած յօդուածի խորագիրը կը յուշէ արծարծուած նիւթի բովանդակութեան մասին. «Խաղաղութիւն» առանց երաշխիքի. օգոստոս 8-ի դիւանագիտութեան յետնաբեմը եւ ուաշինկթընեան ձեւաչափի «թակարդները»: Հետաքրքրական եւ համակողմանի այս վերլուծումը հիմնաւորուած է յստակ փաստերով:
Ազգային հիմնահարցերու, արտաքին խնդիրներու մէջ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը, պատմաբան Անի Մելքոնեանի եզրակացութեամբ, դամոկլեան սուր է` կախուած Հայաստանի գլխուն:
Այս նիւթին այլ դիտանկիւնէ կ՛անդրադառնայ «Դրօշակ»-ի Մոսկուայի թղթակից Սարգիս Սարգսեանը, որուն համաձայն, «Հայաստանը եւ ՀԱՊԿ-ն կը մօտենան անդառնալի կէտին»:
Արեւելագէտ Նարէ Գէորգեան կը ներկայացնէ Իրանի մտահոգութիւնները անմիջապէս իր սահմանով անցնելիք, այսպէս կոչուած, «Թրամփի ուղի»-ին վերաբերեալ:
Հայ հասարակութեան ներկայ հոգեբանական վիճակին, երկրին մէջ տեղի ունեցող իրողութիւններու նկատմամբ հանրային մտայնութիւններուն կ՛անդրադառնան յօդուածագիրներ Մանուէլ Մկրտչեանը եւ Արեգ Ղարաբէգեանը:
Պատմաբան Տարօն Յակոբեան կը շարունակէ ներկայացնել Արցախի պետականութեան կայացման ճակատագրական տարիներուն հայկական նորաստեղծ հանրապետութեան ներքաղաքական գործընթացները: Հայ մարդու համար անմոռանալի այդ պատմութեան դրուագներու լուսաբանութիւնը պիտի շարունակուի «Դրօշակ»-ի յաջորդական թիւերուն մէջ:
Լրագրող Արմէն Վարդանեան, որ «Դրօշակ»-ին մնայուն կերպով նիւթեր կը տրամադրէ Հայաստանի բնապահպանական հիմնահարցերուն վերաբերեալ, այս անգամ ներկայացուցած է իշխանութիւնները յատկապէս յուզող կուպրապատման վիճակն ու այս ոլորտին մէջ առկայ հիմնահարցերը:
«Դրօշակ»-ի 2026-ի այս 8-րդ թիւը կարելի է ընթերցել` սեղմելով
https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/09/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-8-2026%D5%A9.pdf