Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի եւ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ միասին պիտի խաղան նոյն խումբէն` Արժանթինի ազգային խումբի եւ Պոքա Ժունիորզի նախկին մարզիկ Քարլոս Թեւեսի հրաժեշտի մրցումին:
«Ես միշտ երազած էի Քրիսթիանոն եւ Լէոն տեսնել նոյն խումբին մէջ: Անոնք բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ֆութպոլիստներն են: Ես խօսեցայ անոնց հետ: Քրիսթիանոյին ըսի, որ վերջապէս աշխարհը պէտք է տեսնէ այդ կախարդութիւնը: Ան ըսաւ, թէ անպայման կ՛ըլլայ: Լէոն համոզելը նոյնպէս դժուար չէր: Երկուքն ալ տուին իրենց համաձայնութիւնը: Անհամբեր կը սպասեմ այդ իրադարձութեան: Շատ յուզիչ պիտի ըլլայ», ըսաւ Թեւես:
Թեւես Ռոնալտոյի խմբակիցն էր Մանչեսթըր Եունայթըտի օրերուն, իսկ Մեսսիի խմբակիցը` ազգային խումբին մէջ:
Հրաժեշտի հանդիպումը նախատեսուած է այս տարուան դեկտեմբերին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի «Լա Պոմպոնիերա» մարզադաշտին վրայ: