Ըստ Եւրոպացի Պաշտօնատարի Մը. Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ուժերու Տեղակայումը Դժուար Հասանելի Նպատակ Մը Կը Թուի

Եւրոպացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Այ.24ՆԻՈՒԶ» կայքին յայտնած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժերու տեղակայումը դժուար հասանելի նպատակ մը կը թուի:

Կայքին համաձայն, Եւրոպան կը տատամսի տարեվերջին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ ուժեր տեղակայելէ:

Ըստ պաշտօնատարին, ներկայիս գլխաւոր մարտահրաւէրը զինադադարի հսկողութեան ու ուժերու շարժումներու համակարգման համար յստակ մեքանիզմի եւ արձանագրութեան ստեղծումն է` աւելցնելով, որ միայն այդ մեքանիզմներու ճշդումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ գետնի վրայ զինուորներու տեղակայումը լրջօրէն քննարկել:

Եւրոպացի պաշտօնատարը շեշտած է, որ կողմերը վճռած են Կազայի մէջ գործուած սխալը չկրկնել եւ աշխատանք կը տանին միջազգային ուժերու կազմը յստակացնելու, նախքան անոր լիազօրութիւնը, իշխանութիւնը եւ գետնի վրայ գործունէութեան դաշտը ճշդելը:

Հակառակ անցած քանի մը օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող մագլցումին, եւրոպացի պաշտօնատարը իսրայէլեան կայքին յայտնած է, որ տակաւին համեմատաբար լաւատես կը մնայ:

Ան նշած է, որ Եւրոպան կը շարունակէ ջանքերուն մասնակցիլ եւ կը յուսայ նպաստել շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան:

 

Leave a Comment