Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ շիի միջավայրին շահը եւ ժողովուրդին Հարաւ եւ իր տուներ վերադարձը կ՛ուզեն:
«Շիի միջավայրին կ՛ըսենք, թէ իր շահը եւ ժողովուրդին Հարաւ եւ իր տուներ վերադարձը կ՛ուզենք», ըսաւ Իսա` Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ան պատրաստակամութիւն յայտարարեց պետութեան ճամբով Հըզպալլայի հետ բանակցելու` շեշտելով. «Պետութիւնը ինք Լիբանանի շահին համար կը գործէ»:
Ինչ կը վերաբերի գերիներուն, Իսա պատասխանելով հարցումի մը յայտնեց, որ այդ թղթածրարը հետապնդելէ պիտի չդադրի:
«Մինչեւ վերջ ամէն ջանք պիտի թափենք», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: