Պեն Սիմընզ անցեալ տարեշրջանը վիրաւոր վիճակի մէջ անցընելէ ետք 1 տարուան համար համաձայնեցաւ կրել Սաքրամենթօ Քինկզի շապիկը:
Սիմընզ, ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի, պիտի ստանայ 3.5 միլիոն ամ. տոլար:
30 տարեկան աւստրալիացի աստղը, որ 3 անգամ «Օլ-Սթար»-ի մրցումին մասնակցեցաւ եւ անգամ մըն ալ ընտրուած է լաւագոյն «նորեկ» մարզիկ, վերջերս միշտ վիրաւոր է եւ ձախողած է իր մակարդակին վերատիրանալ:
Ան անցեալ տարի միացած էր Լոս Անճելըս Քլիփըրզին` պահեստի դեր ստանձնելով, բայց կռնակի հարցեր ունենալով հազուդէպօրէն մասնակցեցաւ մրցումներու:
Սաքրամենթօ անցեալ տարեշրջանին 20-60 արդիւնք արձանագրած էր 82 մրցումներու ընթացքին, ան շատ ձախող շրջանէ մը ետք կը փորձէ նոր խումբ պատրաստել նորեկ Սարիուս Աքուֆի շուջր: Քինկզ պէտք ունէր փորձառու մարզիկի մը, մանաւանդ Տըմար Տը Ռոզընի եւ Ռասըլ Ուեսթպրուքի հետ պայմանագրութիւնը խզելէ ետք:
Սիմընզ թիւ 1 ընտրութիւնն էր Ֆիլատելֆիայի հետ 2016-ին: Առաջին տարին ոտքը վիրաւորելէ ետք ան դարձաւ Ֆիլատելֆիոյ աստղերէն մինչեւ 2021: 2021-2022 տարեշրջանին գրեթէ բացակայեցաւ հոգեկան հարցերուն պատճառով: Ան միացաւ Պրուքլինին, բայց առողջական հարցերու եւ կռնակի ցաւերու պատճառով զինք հեռու պահեցին մեծ թիւով մրցումներէ, որոնց ընթացքին իր կատարած ելոյթներուն ալ ան չկրցաւ ինքզինք գտնել մինչեւ 2025-ի փետրուարը, երբ միացաւ Քլիփըրզին:
Ֆիլատելֆիոյ հետ միջին հաշուով 16 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգած Սիմընզ վերջին տարիներուն միջին հաշուով 6 կէտ, 6 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէր միայն: