«Ֆորմիւլա 1». «Ֆեռարի Ձախողեցաւ Մոնցայի Մէջ. «Մերսետես»` Անմրցելի

Իտալիոյ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ Մոնցայի մէջ, «Ֆեռարի»-ի համար յատուկ նշանակութիւն ունէր, ուր նշուեցաւ Միքայէլ Շումախըրի 1996-ի պատմական յաղթանակի տարեդարձը:

30 տարի ետք սակայն, «Ֆեռարի» ինքնավստահ եւ պատրաստ էր իր բարեփոխումներով, սակայն Շարլ Լըքլեր – Լուիս Համիլթըն զոյգը ըստ երեւոյթին պատրաստ չէին այդ ճնշումին:

Լըքլեր հազիւ 5 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ 3-րդ շրջանին ծանր արկած մը ունեցաւ փարապոլիքա անկիւնադարձէն ետք: Համիլթընի դիրքը քիչ մը աւելիւ լաւ էր: Ան 5-րդ դիրքէն սկսաւ կրան փրին, բայց պահ մը երկրորդ դիրք հասնելէ ետք 6-րդ դիրքի վրայ աւարտեց մրցումը: Զարմանալին այն է, որ բոլոր բարեփոխումներէն ետք «Մերսետես» կը մնայ լաւագոյնը:

Քիմի Անթոնելլի, որ կրան փրին սկսած էր 19-րդ դիրքէն, հազիւ 17 շրջաններու պէտք ունեցաւ գրաւելու առաջին դիրքը եւ կրան փրին ալ աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր ետին ձգելով խմբակից Ճորճ Ռասըլը:

Վերջին 5 տարիներուն 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափեն կրցաւ իր «Ռետ Պուլ»-ով գրաւել 3-րդ դիրքը:

«Մաքլարեն», որ վերջին երկու տարիներուն դարձած էր աշխարհի խմբային ախոյեան, գրաւեց 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը, աշխարհի ախոյեան Լանտօ Նորիսի եւ Օսքար Փիասթրիի հետ:

Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը 13 կրան փրիներէ ետք` յիշեցնելով, որ այս շաբաթավերջին կրան փրին պիտի հիւրընկալէ Մատրիտը (Սպանիա):

1.- Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես»)       267 ԿԷՏ
2.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես»)               201 ԿԷՏ
3.- Լուիս Համիլթըն («Ֆեռարի»)         191 ԿԷՏ
4.- Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն»)         171 ԿԷՏ
5.- Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի»)            155 ԿԷՏ
6.- Մաքս Վերշթափեն («Ռետ Պուլ»)     127 ԿԷՏ
7.- Օսքար Փիասթրի («Մաքլարեն») 116 ԿԷՏ
8.- Իզաք Հաժժար («Ռետ Պուլ»)         71 ԿԷՏ
9.- Լիամ Լոսըն («Ռետ Պուլ»)                51 ԿԷՏ
10.- Փիեր Կասլի («Ալփին»)            41 ԿԷՏ

 

Leave a Comment