Լիբանանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներու Գնահատանքի Ընթրիք` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի հրաւէրով չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ` Էշրեֆիէ, տեղի ունեցաւ լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներու գնահատանքի ընթրիք մը:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը կը ներկայացնէր Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, պաշտօնական հիւրերու կարգին էին` տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոսը,  մամուլի սենտիքայի նախագահ  Աունի Քաաքին, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քըսէյֆին, հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի տնօրէն Ռաֆիք Շալալան, տպագիր, լսատեսողական լրատուամիջոցներու, ելեկտրոնային կայքերու եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ գործող բազմաթիւ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ` հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւորականներ:

Լիբանանի քայլերգով կատարուած պաշտօնական բացումէն ետք խօսքեր արտասանեցին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքն ու տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոսը, որոնք անդրադարձան մամուլի եւ լրատուամիջոցներու դերակատարութեան կարեւորութեան` ոչ միայն դէպքերուն մասին հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու առումով, այլ` յատկապէս ճշմարտութիւնը ընդգծելու իմաստով:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ ընթրիքին նպատակին` դիտել տալով, որ այս նախաձեռնութեամբ ուզած են պատուել գործողները յօգուտ առաքելութիւն մը, որուն կարեւորութեան կը հաւատան, եւ ըսելու տպագիր մամուլի եւ լսատեսողական միջոցներու նուիրեալներուն` «Մենք կը տեսնենք ձեր աշխատանքը, կը գնահատենք ձեր առաքելութիւնը եւ գիտենք մեծութիւնը այն պատասխանատուութեան, զոր ամէն օր կը կրէք»: Ան շեշտեց, որ երբ լրատուամիջոցները կը բարձրանան իրենց կոչումի ճշմարիտ մակարդակին, կը դառնան կրողը առաքելութեան մը` ճշմարտութեան որոնում, մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութիւն եւ հասարակութեան ու հայրենիքին ծառայութիւն:

Առ այդ, պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն, մանաւանդ` հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար, որպէսզի հաղորդուին պատրիարքութեան լուրերը, լուսաբանուի իւրաքանչիւր առիթ, եւ անոնց միջոցով իրենց առաքելութիւնը հասնի մարդոց: Ան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ լրատուամիջոցները բացառիկ կերպով լուսարձակի տակ բերին Հռոմի մէջ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութիւնը: «Ձեր շնորհիւ սուրբ Մալոյեան չմնաց պատմութեան մատեաններուն մէջ արձանագրուած անուն մը միայն, այլ դարձաւ կենդանի վկայութիւն մը, որ կ՛ըսէ` հաւատքը վախէն աւելի զօրաւոր է, եւ մարդ կրնայ կեանքը կորսնցնել, բայց չի կորսնցներ իր հաւատքն ու խիղճը»:

Հոգեւոր տէրը ապա անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նուիրուած այդ ընթրիքը տեղի կ՛ունենար նոյն վայրին  մէջ,  ուր ժամանակին պատրիարքութեան տպարանն էր: Այս առիթով ալ ան յիշեց երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքը, որ վաղուց գիտակցած էր մամուլի ու տպագրութեան կարեւորութեան, յատուկ ուշադրութիւն ընծայած էր մամուլին եւ լրատուութեան ու իր ներդրումը ունեցաւ պատրիարքութեան շաբաթաթերթին եւ ամսաթերթին հրատարակութեան մէջ` գրուած խօսքը Եկեղեցւոյ, հասարակութեան եւ մարդուն ծառայութեան դնելով:

«Թանաքը փոխուեցաւ, մեքենան փոխուեցաւ, լրատուամիջոցները փոխուեցան, եւ խօսքը երկվայրկեաններու ընթացքին մայրցամաքներ կը կտրէ արդէն, բայց խօսքի հաւատարմութիւնը չփոխուեցաւ: Երբ կարտինալ Աղաճանեանի մասունքները վերադարձան Լիբանան, եւ այս երկիրը զայն ընդունեց իր դիրքին արժանի պատուով, անոր վերադարձը պարզապէս մեծ մարդու մը վերադարձը չէր այն հողին, զոր սիրած էր, այլ վերադարձն էր յիշողութեան, առաքելութեան եւ ժառանգութեան: Եւ այսօր այդ ժառանգութեան գեղեցկագոյն հաւատարմութիւնը այն է, որ խօսքը ծառայէ ճշմարտութեան եւ ոչ թէ` շահերու, ծառայէ մարդկութեան եւ ոչ թէ` պառակտումի»:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ վերջին շրջանին տիրող զգայուն ու ճակատագրական պայմաններուն, երկրին ապրած բազում ճգնաժամերուն` պատրիարքը մեծագոյն վտանգը կարծիքներու տարբերութիւնը չնկատեց, այլ այն, որ ճշմարտութիւնը կորսուի այս բոլորին մէջ: Ան շեշտեց, որ այս առումով, կարեւոր ու առանցքային դերակատարութիւն ունին լրատուամիջոցները, որոնք պէտք է խօսքի ազատութեան մօտենան պատասխանատուութեամբ,  որպէսզի այդ խօսքը ժողովուրդը միացնէ, ոչ թէ անվերականգնելի ճեղք մը ստեղծէ:

Դրուատելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի առաջնորչած ընթածքն ու ի գործ դրած ջանքերը` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք հաստատեց, որ իրենք կողքին են պետական Լիբանանի մը, ուր ոչ ոք օրէնքէն վեր է, ուր` քաղաքացիներուն իրաւունքները յարգուած են, ուր` գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանուած են, կողքին են հաստատութիւններու, բանակի, ապահովութեան ուժերու եւ արդարադատութեան պետութեան, որուն նկատմամբ լիբանանցին վստահութիւն ունի եւ յոյս:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Առաջին տիկնոջ տեղեկատուութեան նախարարին, որոնք մասնակից դարձան ընթրիքին` իրենց ներկայութեամբ յատուկ իմաստ հաղորդելով այս նախաձեռնութեան:

Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով լրագրողներուն` պատրիարքը կոչ ուղղեց` միշտ կառչելու ճշմարտութեան, չարտօնելու, որ ճշմարտութիւնը որբանայ Լիբանանի մէջ, զոր պէտք է վեր դասել ամէն տեսակի քաղաքական տարակարծութենէ, մօտեցումներու տարբերութիւններէ, գաղափարական այլազանութենէ. «Դուք ամէն օր կը գրէք Լիբանանի լուրը. գրեցէք այնպէս, որ վայել ըլլայ կեանքի արժանի հայրենիքի մը: Դուք անոր պատկերը կը փոխանցէք աշխարհին, թոյլ մի՛ տաք, որ ոեւէ մէկը Լիբանանը իր ճգնաժամերով միայն սահմանափակէ, դուք անոր յիշողութեան մէկ մասը կը կերտէք, այս յիշողութիւնը ճշմարտութեան հանդէպ հաւատարիմ դարձուցէք», ըսաւ ան` շեշտելով, որ խօսքը կրնայ արտասանուիլ վայրկեանի մը մէջ, բայց անոր ազդեցութիւնը կը մնայ իրերայաջորդ սերունդներու վրայ:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս լրատուամիջոցներուն մասնագիտութիւնը Լիբանանի մէջ պարզապէս լուրեր փոխանցելը չնկատեց, այլ` անոր պատմութեան, յիշողութեան եւ ազգային կեանքին մէկ մասը: Առ այդ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար, որ ցուցանիշ է, թէ երբ Եկեղեցին իր դռները կը բանայ մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն առջեւ, ան կը հաստատէ, որ անկեղծ խօսքը կը մնայ կամուրջ մարդոց միջեւ, հասարակութեան եւ անոր հաստատութիւններուն միջեւ, եւ որ` երկխօսութիւնը կը մնայ պառակտումին, վախին եւ թիւրիմացութեան դէմ պայքարելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը:

Նախարարը  լիբանանեան մամուլը նկատեց պետութեան կառուցման հիմնական գործընկեր, անոր գործունէութեան վերահսկիչ եւ հանրային քննարկման տարածք: Ան անդրադարձաւ մերօրեայ մարտահրաւէրին` արհեստական բանականութեան, որ կը փոխէ լուրի արտադրութեան, տարածման եւ սպառման եղանակը, եւ որ, լայն կարելիութիւններ ստեղծելու կողքին, միաժամանակ մեծ հարցեր կը բարձրացնէ ճշմարտութեան, արժանահաւատութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ մտաւոր սեփականութեան վերաբերեալ:

«Միշտ պէտք է յիշենք` արհեստագիտութիւնը կրնայ օգնել մարդուն, բայց չի կրնար փոխարինել անոր միտքն ու խիղճը: Արհեստական բանականութիւնը կրնայ բնագիր մը արտադրել, բայց ոչ` պատասխանատուութիւն, կրնայ պատկեր մը ստեղծել, բայց խիղճ չունի, կրնայ արագացնել տեղեկութեան տարածումը, բայց ինքնուրոյն կերպով չի գիտեր, թէ ո՛ւր կը վերջանայ ճշմարտութիւնը, եւ ո՛ւր կը սկսի սուտը: Հետեւաբար լրատուութեան ապագան մարդուն եւ մեքենային մրցակցութեան մէջ պիտի չըլլայ, այլ մարդուն կարողութեան մէջ` մեքենան գործածելու առանց իր միտքը, ազատութիւնը, քննադատական զգացումը եւ մասնագիտական բարոյականութիւնը զիջելու», շեշտեց նախարարը:

Փոլ Մըրքոս դիտել տուաւ, որ Լիբանանի նման տառապած, պատերազմներու, պառակտումներու եւ ճգնաժամերու թատերաբեմ դարձած երկրի մը մէջ խօսքը կրնայ մնալ հանդարտեցնող կամ լարուածութիւն ստեղծող ուժ, երկխօսութեան միջոց կամ պառակտման վառելանիւթ: «Հետեւաբար կ՛ուզենք ազատ լրատուութիւն, բայց միաժամանակ կ՛ուզենք նաեւ պատասխանատու լրատուութիւն: Կ՛ուզենք մամուլ մը, որ հարցումներ կ՛ուղղէ, կը քննադատէ եւ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկէ` առանց կորսնցնելու իր յարգանքը ճշմարտութեան, մարդուն եւ հանրային շահին հանդէպ», ըսաւ ան:

Հանդիսութեան աւարտին պատրիարք Մինասեան լրագրողները պատուեց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մետալով:

Leave a Comment