Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ շաբաթ օր այցելեցին Մոսկուա, ուր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցան հանդիպում մը, որ ըստ Քրեմլինի «անկեղծ» եւ «կառուցողական» էր:
Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով բանակցութիւնները որակեց «կառուցողական եւ չափազանց անկեղծ»:
«Բանակցութիւնները սահմանափակուած չէին ուքրանական տագնապի կարգաւորման շուրջ տեսակէտներու փոխանակումով, տնտեսական հարցեր եւ փոխադարձ շահաւէտ ռուս-ամերիկեան մեծ ծրագիրներ մանրամասն կերպով քննարկուեցան», նշեց ան:
Ուշաքով նաեւ ըսաւ. «Ռուսական բանակի պատերազմի գօտիին մէջ շօշափելի յառաջխաղացքը նոթ առնուեցաւ», եւ ընդունուեցաւ, թէ բանակցութիւնները պէտք է անդրադառնան «տագնապի արմատական պատճառներուն»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշեց. «Այն փաստը, որ Փութին հանդիպած է ամերիկացի յատուկ բանագնացներու հետ, կը վկայէ վստահութեան մթնոլորտի մասին»:
Հանդիպումը տեւած է աւելի քան երեք ժամ:
Ամերիկացի պատուիրակները երէկ նաեւ այցելեցին Քիեւ, ուր հանդիպում ունեցան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:
Նախքան այդ, ռուսական եւ ուքրանական կողմերը համաձայնեցան` ամերիկացի բանագնացներու այցելութեան առիթով իրարու մայրաքաղաքներուն վրայ յարձակումները երեք օրով դադրեցնելու: