Իսրայէլ Յայտարարեց, Որ Գրաւած Է Ալի Թահեր Բարձունքները

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Ալի Թահեր բարձունքները վերահսկողութեան տակ առնելը հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանի ամբողջացման աւարտը կը ներկայացնէ»:

«Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանէն պիտի չհեռանանք, մինչեւ որ Հըզպալլան իր զէնքը յանձնէ», նշեց Քաց:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Էլլա Ուաուիէ ուրբաթ գիշեր յայտարարեց. «36-րդ զօրախումբի ուժերը վերջին շրջանին աշխատանք տարին ապահովական շրջանին մէջ գտնուող Ալի Թահեր բարձունքներուն շրջանին մէջ գետնի տակ երկու ուղիներ մաքրելու»:

«Այդ ուժերը բարձունքներու շրջանին մէջ գետնին տակ եւ վեր մարտական վերահսկողութիւն հաստատեցին եւ շրջանը մաքրեցին Հըզպալլայի անդամներէ, որոնցմէ ոմանք ահաբեկուեցան, իսկ ուրիշներ շրջանէն փախուստ տուին», նշեց ան:

Աւելի ուշ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց.«Հարաւային Լիբանանի մէջ Ալի Թահեր բլուրներու շղթան այլեւս մեզի վտանգ չի ներկայացներ: Այդտեղ մեծաթիւ զինեալներ վնասազերծեցինք»:

«Ալի Թահեր շրջանը միայն Քիրիաթ Շմոնա եւ Մթըլլէ շրջաններէն վտանգ չէր ներկայացներ, այլ նաեւ Գալիլիա ներխուժման վտանգ կը ներկայացնէր», աւելցուց Նեթանիահու:

 

 

Leave a Comment