Եւրոպական Ֆութպոլ. Անգլիական Ակումբները 4,7 Միլիառ «Ծախսեցին» Այս Ամառ

Անցեալ եղանակի սկիզբը անգլիական ֆութպոլի ակումբները մրցանիշ հաստատած էին 4,25 միլիառ ամ. տոլար ծախսելով ֆութպոլիստներու վրայ, բայց այս տարի անոնք աւելի ծախսեցին` այդ թիւը բարձրացնելով 4,7 միլիառի:

Մանչեսթըր Սիթի իր մեծագոյն փոխանցումը վերջին օրուան ձգեց, ուր արժանթինցի Էնզօ Ֆեռնանտես դարձաւ պատմութեան ամէնէն «սուղ» խաղցողներէն մէկը` լքելէ ետք Չելսին եւ միանալով Սիթիին` 169 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն:

Սիթիի այս ամրան ձախսած գումարները հասան 600 միլիոն ամ. տոլարի, որ մրցանիշ մըն է ֆութպոլի մէկ ակումբի համար, Կուարտիոլայի լքելէն ետք:

Չելսի եւ Թոթենհամ իրենց կարգին 400 միլիոն ամ. տոլարէն աւելի ծախսեցին` փաստելով, որ նիւթական գետնի վրայ «Փրեմիեր լիկ»-ը այլ մակարդակ ունի: Ասոր պատճառն ալ այն է, որ անգլիական խումբեր հսկայական գումարներ կը ստանան թէ՛ «Փրեմիեր լիկ»-ի ուղիղ սփռումներէն, թէ՛ ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի սփռումներէն, որոնք ինքնաբերաբար առաւելութիւն են ակումբներուն համար:

Ամառնային փոխանցումներու պատուհանը փակուեցաւ, եւ Սպանիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ակումբները իրենց ծախսերուն առումով միասնաբար 3,8 միլիառ ամ. տոլարի կրցան հասնիլ, որ շատ աւելի նուազ է «Փրեմիեր լիկ»-ի 20 ակումբներու ծախսերէն:

Ինչպէս նշեցինք, Կուարտիոլայի հեռանալէն ետք նշանակուեցաւ իտալացի Էնցօ Մարեսքան, որ 440 միլիոն ամ. տոլար «ծախսեց» վերակազմելու միջնապահ գիծ մը` ձեռք ձգելով Էլիոթ Անտերսոնը (155 միլիոն) եւ Մարոքի Այյուպ Պուատտին (117 միլիոն)` Ֆեռնանտեսի կողքին: Սիթի ձեռք ձգեց նաեւ սենեկալցի ծայրի յառաջապահ Իլիման Էնտայը` Էվըրթընէն (81 միլիոն ամ. տոլար):

Ապու Տապիի կողմէ ղեկավարուած Սիթին մօտ 400 միլիոն շահեցաւ այս ամառ` «ծախելով» քանի մը խաղցողներ: Լքողներու կարգին էին Սպանիոյ ազգային խմբապետ Ռոտրի (դէպի Պարսելոնա), Պեռնարտօ Սիլվա (դէպի Ռէալ Մատրիտ) եւ Ճեք Կրիլիշ (դէպի Էվըրթըն):

Ֆեռնանտեսի փոխանցման մրցանիշը հաւասարեցաւ անցեալ տարուան Լիվըրփուլի վճարած գումարին` ձեռք ձգելու Ալեքսանտր Իզաքը (Նիւքեսըլէն):

Թոթենհամի ամրան «գնումները» բաւական Սիթիի նման էին, եւ Լոնտոնի ակումբը բաւական աշխուժ էր մինչեւ երեքշաբթի գիշեր (փոխանցումի պատուհանի փակումը)` ձեռք ձգելով Չելսիի 2 մարզիկներ: Ուքրանացի ծայրի յառաջապահ Միխայլէ Մուտրիք եւ Թոսին Ատարապիոյօ միացան Թոթենհամին:

Չելսի փորձեց Ֆեռնանտեսը անմիջապէս փոխարինել Մոնաքոյի սենեկալցի միջնապահ Լամին Քամարայով, բայց ֆրանսական ակումբը վերջին վայրկեանին մերժեց փոխանցումը:

Լիվըրփուլ ձեռք ձգեց 18 տարեկան բերդապահ Լուքա Պրուկմանսը` Պելճիքայի Կենք խումբէն (35 միլիոն):

Նիւքեսըլ ձեռք ձգեց այլ պելճիքացի մը` յառաջապահ Մաթիաս Ֆեռնանտես-Փարտոն ֆրանսական Լիլէն (59 միլիոն), նոյն պահուն փոխ տալով գերմանացի յառաջապահ Նիք Վոլթեմատէն` Իտալիոյ Եուվենթուսին:

Ասթոն Վիլա ակումբին համար մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, երբ աստղեր, ինչպէս` Օլի Ուաթքինզ, Մորկըն Ռոճըրզ, Էզրի Քոնսա եւ Էմիլիանօ Մարթինես լքեցին խումբը: Ասթոն Վիլա ձեռք ձգեց Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Իպրահիմ Էմպայէն, եւ կան մարզիկներ, որոնց փաստաթուղթերը տակաւին չեն ամբողջացած:

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ն Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-էն ետք ամէնէն շատ ծախսող երկիրն է, եւ այդ ծախսերուն ընդհանուր գումարը հասաւ 1,34 միլիառի:

Վոլթեմատէի կողքին, Եուվենթուս ձեռք ձգեց Թոթենհամի միջնապահ Փափէ Մաթար Սարրը:

Պեթօ Ֆիորենթինային միացաւ լքելէ ետք Էվըրթընը` փոխարինելու համար Մոյսէ Քինը, որ միացաւ Սեսք Ֆապրեկասի մարզած Քոմօ ակումբին:

Պրազիլի նախկին աստղ Ռոպինիոյի զաւակը` 18 տարեկան Ռոպինիօ Ճունիոր միացաւ Ճենովային, իսկ անգլիացի յառաջապահ Ճոնաթըն Ռոու Պոլոնիայէն փոխանցուեցաւ Աթալանթայի:

Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ բաւական լուռ մնաց վերջին օրուան իրարանցումէն, մանաւանդ որ կանուխէն ձեռք ձգած էր Եան Տիոմանտէն, Տենզել Տումֆրիզը եւ Մարք Քուքուրելիան: Մրցակից Պարսելոնա բաւական աչքառու փոխանցում մը կատարեց` ձեռք ձգելով Արսենալի պրազիլցի յառաջապահ Կապրիէլ Ժեզուզը: Արսենալէն նախապէս հեռացած էին Լեանտրօ Թրոսար (Պեշիքթաշ), Իթըն Նուաների (Տորթմունտ) եւ Կապրիէլ Մարթինելլի, որ շատ հաւանաբար կրնայ մեկնիլ Սէուտական Արաբիա:

Քանատացի յառաջապահ Ճոնաթան Տէյվիտ Եուվենթուսը լքեց եւ միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին:

Գերմանիոյ մէջ, վերջին օրը Պայեր Լեւերքուզըն ձեռք ձգեց Տեզիրէ Տուէի աւագ եղբայրը` Կելա Տուէն, ինչպէս նաեւ իր խումբին վերադարձուց Մուսա Տիապին 3 տարի ետք:

Սպանացի երիտասարդ Մարք Կույու լքեց Չելսին եւ միացաւ Ռետ Պուլ Լայփցիկին (19,7 միլիոն ամ. տոլար):

Ֆրանսայի մէջ, Մորից Քիակոր լքեց Ռետ Պուլ Զալցպուպկը եւ միացաւ Լիլին` փոխարինելով Պուատտին:

Leave a Comment