Ամերիկեան մամուլը կը կատարէ հրապարակումներ, որոնց համաձայն, նախագահ Թրամփը հակուած է աւարտելու Իրանի հետ հակամարտութեան աշխուժ փուլը: Ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու, Սպիտակ տան ղեկավարը գլխաւոր խորհրդականներու հետ կը քննարկէ Իրանի դէմ գործողութեան աւարտը պաշտօնապէս յայտարարելու հաւանական բեմագրութիւնը:
Նախ, պէտք է մտածել, թէ պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ի՛նչ հիմնական առաւել ձեռք բերած է Ուաշինկթընը, աշխուժ փուլը աւարտած նկատելու: Եթէ ընդունինք, որ գլխաւոր հանգոյցը այս բոլորին Հորմուզն է, ապա անոր կարգավիճակի արմատական փոփոխութիւն տակաւին գրանցուած չէ:
Եթէ չկայ ռազմական համոզիչ յաղթանակ եւ Հորմուզի տիրապետում, ապա ի՞նչ պէտք է հասկնալ աշխուժ փուլի աւարտէն: Աշխուժ փուլ կը նշանակէ ռազմական ծաւալուն յարձակումներու դադրեցում: Չի նշանակեր սակայն ընդհանուր համաձայնութիւն: Մանաւանդ չի նշանակեր տնտեսական պատերազմի աւարտ, կամ Իրանի դէմ հետզհետէ սաստկացող պատժամիջոցային քաղաքականութեան աշխուժացման մեղմացում:
Ուրեմն, ռազմական աշխուժացման դադրեցում, որուն դիմաց տնտեսական աշխուժացման նոր թափ: Չի բացառուիր, որ այս ըլլայ այն բանաձեւը, որուն յայտարարութեան բեմագրութեան մասին քննարկումներ կը կատարուին Սպիտակ տան մէջ:
Աշխուժ փուլի աւարտի համար բեմագրութեան պատրաստութիւնը կը տեղաւորուի քաղաքական տրամաբանութեան մէջ, եթէ նկատի ունենանք նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութիւնը, առ այն, որ կը պատրաստուին հարուածելու Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքները: Իսրայէլ յայտնաբար դժգոհ է աշխուժ փուլի աւարտէն եւ այսպիսով կը փորձէ վերաշխուժացնել փուլը:
Ուաշինկթընէն հնչած պատերազմի դադրեցման աւարտի յայտարարութիւնները ընդհանրապէս յարաբերակցաբար են նոյեմբերեան միջանկեալ ընտրութիւններուն: Պարզ է, որ պատերազմի շարունակումը առաւել չի բերեր Թրամփի հանրապետականներուն: Սակայն կայ այլ հիմնական կէտ, դարձեալ նոյեմբերեան դիտակէտերէ դիտուած: Հորմուզի շուրջ համաձայնութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու թէ՛ անվտանգային եւ թէ՛ մանաւանդ տնտեսական վերահսկողութիւնը ոչ միայն նոր շահոյթներ պիտի ապահովէր Միացեալ Նահանգներուն, այլ նաեւ վառելիքի գիներու կտրուկ աճ պիտի գրանցէր: Գիներու նուազումը հաւանաբար ամէնէն ազդեցիկ գործօնը պիտի նկատուի ամերիկացի ընտրազանգուածին համար:
Վառելիքի գիներու հաւասարակշռումի շարժառիթներով կը բացատրուին Վենեզուելայի ուժանիւթային պաշարներու լայնածաւալ ստանձնումի նոր գործարքները: Այդ գործարքները սակայն շատ ժամանակ չունին առարկայանալու վառելիքի գիներու անկում արձանագրելու համար:
Պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումը սակայն կրնայ Թրամփի ընտրազանգուածին վրայ ազդեցութիւն ունենալ: Այդ վարկանշային ազդեցութիւնը կրնայ ներառած ըլլալ նաեւ ենթադրեալ հրադադարի կամ, աշխուժ փուլի աւարտի յայտարարութիւններով ոչ միայն վառելիքի, այլ նաեւ ընդհանրապէս բաժնետոմսերու շուկան: Ինչ որ կը պատահէր բեկումնային պահ նախանշող ամէն մէկ յայտարարութենէն ետք:
Բեմագրութիւնները տակաւին յստակ չեն: Յստակ է, որ կայ միտում եւ նպատակ ռազմական գործողութիւններու աւարտի փուլ մը ճշդելու: Ատիկա անշուշտ սերտօրէն կապուած է նոյեմբերին: Իսկ նոյեմբերը, ինչպէս կ՛ըսեն, սարերու ետեւ չէ:
«Ա.»