Փեսքով. «Մոսկուայի Եւ Եւրոպայի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Տեսանելի Հիմքեր Չկան»

Եւրոպան ամբողջութեամբ զօրաշարժի կ՛ենթարկէ իր զինուորական ներուժը եւ կ՛ուղղէ Ռուսիոյ դէմ: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Ան նշեց, որ ներկայիս Մոսկուայի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման տեսանելի հիմքեր չկան:

«Ես չեմ տեսներ որեւէ պատճառ յոյս ունենալու Եւրոպայի հետ մեր յարաբերութիւններու բարելաւման նկատմամբ: Իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական գործիչներու ներկայ սերունդը բախման տրամադրուած է ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ գործերով: Անոնք լիովին կը շահագործեն Եւրոպայի զինուորական ներուժը եւ կ՛ուղղեն մեր երկրին դէմ` անմիջականօրէն մասնակցելով մեր դէմ զինուորական գործողութիւններուն», ըսաւ Փեսքով:

«Մենք, ի հարկէ, պէտք է պատրաստակամ մնանք յարաբերութիւններ կառուցելու համար, սակայն պէտք է լաւ հասկնանք, թէ որո՛ւ հետ գործ ունինք», աւելցուց ան:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած էր, որ Ռուսիան կրնայ թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ, թէ՛ անկէ դուրս գտնուող բրիտանական զինուորական թիրախները հարուածել:

Մարիա Զախարովա ըսած էր, որ Ֆրանսան ու Բրիտանիան «կրակի հետ կը խաղան»` Ուքրանիոյ տրամադրելով «Սթորմ Շատօ» հեռահաս հրթիռներու արտադրութեան ճարտարագիտութիւնները, ինչ որ Քիեւին պիտի արտօնէ նման հրթիռներու սեփական արտադրութեան սկսիլ:

Leave a Comment