Չինաստանի Եւ Նեփալի Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցած Հողի Սահանքին Պատճառով Հազարաւոր Անհետ Կորսուածներ

Չինաստանի եւ Նեփալի սահմանին վրայ գտնուող անցակէտի շրջանին մէջ հողի սահանքի պատճառով անհետ կորսուածներուն թիւը հասաւ 1300-ի:

Անհետ կորսուածներուն շարքին են զբօսաշրջիկներ:

Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութիւնը կը յայտնէ, թէ Քաթմանտուէն շուրջ 66 քիլոմեթր հիւսիս, սահմանին մօտ արձանագրուած 4,4 աստիճան երկրաշարժը, որուն մասին նախապէս հաղորդուած էր, իրականութեան մէջ յառաջացած է սառոյցի փլուզումով պայմանաւորուած երկրաշարժէ, որուն յաջորդած է ցեխի հոսքը:

Անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով կատարուած ստուգումը ցոյց տուած է, թէ սահմանային անցակէտ տանող բոլոր ճամբաները ամբողջովին աւերուած են:

 

 

Leave a Comment